«Աւրորա» մրցանակ «Աւրորա» մրցանակ 

2021-ի «Աւրորա»-ի առաջադրումները սկսած Են. «Քորոնա» Ժահրի դէմ պայքարողները եւս կրնան յաւակնիլ

«Աւրորա»-ն այս տարի առաջադրումներու յատուկ ձեւ ունի այն թեկնածուներու համար, որոնք կը պայքարին «Քորոնա» ժահրին դէմ:
Ունկնդրէ լուրը

2021-ին «Աւրորա» մրցանակի առաջադրումներուն մեկնարկը պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ «Աւրորան` աշխարհին դաշնակից» առցանց յատուկ քննարկման, որ նուիրուած էր անոնց յիշատակին, որոնք նահատակուեցան մէկ դար առաջ, եւ մերօրեայ հերոսներու մեծարման: Քննարկումը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24-ին` առցանց: Քննարկման ներկայացուեցան նաեւ 2020-ի «Աւրորա»-ի հերոսները: Այս մասին Եռագոյնը կը տեղականայ «Աւրորա» նախաձեռնութեան պաշտօնական կայքէն։

«Աւրորա»-ն այս տարի առաջադրումներու յատուկ ձեւ ունի այն թեկնածուներու համար, որոնք կը պայքարին «Քորոնա» ժահրին դէմ:

2021-ի մրցանակի առաջադրումները բաց են հանրութեան համար, կրնան առաջադրուիլ թեկնածուներ, որոնք մարդկային կեանքը պահպանելու համար կը վտանգեն սեփականը, ինչպէս նաեւ իրենց առողջութիւնը, ազատութիւնը, հեղինակութիւնը: Առցանց առաջադրուելէն ետք Փորձագէտներու խորհուրդը (2020 թ. ան բաղկացած էր 50 անդամէ) կը գնահատէ թեկնածուները, իսկ «Աւրորա»-ի յանձնաժողովը կ՛ընտրէ հերոսներն եւ դափնեկիրը։

Առաջադրման վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ` այցելելով «Աւրորա» մրցանակի կայքի «առաջադրիր հիմա» ենթաբաժինը:

Մրցանակի առաջադրումներու փուլը պիտի աւարտի Հոկտեմբեր 31-ին:

«Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակը ստեղծուած է` ճանչցնելու եւ մեծարելու մերօրեայ հերոսները, որոնք իրենց մարդասիրական գործողութիւններով փրկած են կեանքեր։  Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունէն` ի երախտագիտութիւն զանոնց փրկողներուն, «Աւրորա» մրցանակի դափնեկիրին ամէն տարի կը շնորհուի 1.000.000 տոլար պարգեւ, որ բացառիկ հնարաւորութիւն կու տայ անոր շարունակելու մարդասիրութեան շղթան եւ աջակցելու զիրենք ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2020, 07:50