Օգնութիւն հալէպի ժողովուրդին։ Օգնութիւն հալէպի ժողովուրդին։ 

Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբը ուտելիք եւ այլ ապրանք փոխանցեց Հալէպի որբերուն եւ տարեցներուն։

Հալէպի հայ ծերերը եւ որբերը Հայաստանի մարդասիրական խումբին մնայուն ուշադրութեան առարկան են:

«Քորոնա» համաճարակին պատճառով ստեղծուած ընկերային ծանր իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով, Ապրիլ 20-ին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին եւ Հայ ծերանոցի ղեկավար կազմին հետ համագործակցութեամբ եւ «Հումանիտար ականազերծման եւ փորձագիտական կենտրոն»  կազմակերպութեան օժանդակութեամբ՝ Հալէպի մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբը այցելեց որբանոցի սաներուն եւ միայնակ տարեցներուն՝ փոխանցելու ուտեստեղէն եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ, կը հաղորդէ Armenpress-ը:

Ունկնդրէ լուրը

«Հումանիտար ականազերծման եւփորձագիտական կենտրոն»ի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Հալէպի հայ ծերերը եւ որբերը Հայաստանի մարդասիրական խումբին մնայուն ուշադրութեան առարկան են: Անոնց մնայուն կերպով ուտելիք եւ բժշկական օգնութիւն կը տրամադրուի:

Քաղուած Եռագոյնէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2020, 08:21