FILE PHOTO: World Health Organization holds daily news briefing on coronavirus, in Geneva FILE PHOTO: World Health Organization holds daily news briefing on coronavirus, in Geneva 

«Յոռեգոյնը տակաւին պիտի գայ, սակայն կրնանք կանխարգիլել այս աղէտը», կ՛ըսէ Կեպրէյեսուս

«Ասիկա շատ վտանգաւոր համադրութիւն է եւ տարածում գտած է, ինչպէս 1918 թուականի Սպանական կրիփը, որ սպաննեց մինչեւ 100 միլիոն մարդ»։

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս «Քորոնա» ժահրին մասին մտահոգիչ նոր յայտարարութիւններ կատարած է` նախազգուշացնելով, որ «յոռեգոյնը տակաւին պիտի գայ»,  մինչ, միւս կողմէ, բազմաթիւ երկիրներ կը սկսին մեղմացնել սահմանափակող միջոցառումները: Այս մասին կը հաղորդէ «Փոլիթիքօ»¬ն:

Ունկնդրէ լուրը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէնը չյստակացուց` ինչու կը կարծէ, թէ համաճարակը կրնայ աւելի վատ ընթացք ստանալ: Որոշ մարդիկ, սակայն, մատնանշած են այս հիւանդութեան հաւանական հետագայ տարածումը Ափրիկէի միջոցով, ուր առողջապահական համակարգերը թերզարգացած են:

«Ասիկա շատ վտանգաւոր համադրութիւն է եւ տարածում գտած է, ինչպէս 1918 թուականի Սպանական կրիփը, որ սպաննեց մինչեւ 100 միլիոն մարդ», ըսած է ան լրագրողներուն:

«Սակայն հիմա մենք ունինք ճարտարագիտութիւն, մենք կրնանք կանխարգիլել այս աղէտը, մենք կրնանք առաջքը առնել այս ճգնաժամին: Հաւատացէք մեզի, յոռեգոյնը տակաւին գալիք է: Եկէ՛ք կանխարգիլենք այս աղէտը: Ասիկա ժահր մըն է, որուն մասին տակաւին մարդիկ շատ բան չեն գիտեր», ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Խաղաղական ովկիանոսի արեւմտեան շրջանի տնօրէն Թաքաշի Քասայի յայտարարեց. «Փակումի միջոցառումները փաստեցին «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դիմակայման բեռը թեթեւցնելու մէջ իրենց ազդուութիւնը»` շեշտելով. «Պէտք է փակման վերջ տալը քայլ առ քայլ ըլլայ, եւ ժահրի տարածման դիմակայման մէջ թուլութեան ժամանակ չկայ»:

«Եթէ արգելքները ժամանակէն առաջ մեղմացուին, ապա համաճարակի վերադարձ պիտի արձանագրուի», ընդգծեց ան` նշելով. «Բոլորը պէտք է պատրաստուին կեանքի նոր ձեւի մը, որ հասարակութեան կ՛արտօնէ աշխատիլ ժահրը վերահսկողութեան տակ առնելու ջանքերու շարունակման պայմաններուն մէջ: Համաճարակին յարմարելու հոլովոյթը բնական իրավիճակը պիտի ըլլայ մինչեւ ժահրին պատուաստ գտնուիլը», ըսաւ ան:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2020, 09:38