Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 7ի Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 7ի 

Արցախի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 7ի

Նոր կորոնավիրուսի վարակը հաստատուել է աւելի վաղ Հանրապետական բժշկական կենտրոն տեղափոխուած Քարվաճառի բնակչի հետ շփուած բուժանձնակազմի ներկայացուցիչներից մէկի մօտ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման նոր պարագայ մը արձանագրուած է։ Այս մասին յայտնեց Արցախի տեղեկատուական շտապը։

Երկու օր առաջ քննութեան ենթարկուած 11 քաղաքացիներու քննութեան արդիւնքներէն 10ն արդէն ստացուած են, ըստ որոնց, 9 քաղաքացիներու մօտ վարակ չէ հաստատուած, իսկ մէկուն արդիւնքը դրական եղած է:
«Նոր կորոնավիրուսի վարակը հաստատուել է աւելի վաղ Հանրապետական բժշկական կենտրոն տեղափոխուած Քարվաճառի բնակչի հետ շփուած բուժանձնակազմի ներկայացուցիչներից մէկի մօտ, ում հետ շփման մէջ գտնուող անձանց մեկուսացման ուղղութեամբ այս պահին աշխատանքներ են տարւում», կ՛ըսուի Արցախի տեղեկատուական շտապի հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2020, 08:00