Բնութեան լուսանկար Բնութեան լուսանկար 

Մայր երկրի միջազգային օրը։

Առաջին ագամուան համար Երկիր մոլորակի նուիրուած օրը նշուած է  22 ապրիլ, 1970-ին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ապրիլ 22-ը, Մայր երկրի միջազգային օրն է։ International Mother Earth Day:

Ունկնդրէ լուրը

Մայր երկրի միջազգային օր հռչակուած է  Պոլիվիայի նախաձեռնութեամբ՝ 22 ապրիլ 2009ին, ՄԱԿ-ի 63-րդ նստաշրջանին ընթացքին։ Բանաձեւի համահեղինակներն էին ՄԱԿ-ի անդամ 50 պետութիւններ։

Երկիր մոլորակի օրը նշելու աւանդութիւնը ծնունդ առած է Միացեալ նահանգներու մէջ բնապահպան Գէյլորդ Նելսոնի նախաձեռնութեամբ։ 

Առաջին անգամուան համար երկիր մոլորակի նուիրուած օրը նշուած է  22 ապրիլ, 1970ին։  Այդ առթիւ կազմակերպուած  տարբեր միջոցառումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւել քան 20 միլիոն ամերիկացիներ։ 

1990 թուականին, երկիր մոլորակի օրը նշուեցաւ միջազգային գետնի վրայ։ Աշխարհի աւելի քան 140 երկիրներէ 200 միլիոն մարդ մասնակցեցան երկիր  մոլորակի օրուան առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներու։

Արդարեւ ամէն տարի Երկիր մոլորակի միջազգային օրուան առթիւ կը կազմակերպուին տարբեր միջոցառումներ, ներառեալ խորհրդաժողովներ, ցուցահանդէսներ,  կարգ մը մեծ քաղաքներուն մէջ կը փակուին ինքնաշարժներու երթեւեկութիւնը, տարածքներու մաքրութիւն կը կատարուին, ինչպէս նաեւ ծառեր կը տնկուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/04/2020, 11:19