Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելից։ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելից։ 

«Ժամանակը կ՛անցնի։ Յիշողութիւնը կը մնայ։ կարգախօսով Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի ձեռնարկը նուիրուած հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին։

«Ժամանակը կ՛անցնի։ Յիշողութիւնը կը մնայ։ Ժխտողականութեան վիրուսի դէմ յիշողութեան հակամարմինները» կարգախօսով Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի ձեռնարկը նուիրուած հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին։
Ունկնդրէ լուրը

«24 ապրիլ 1915 – 24 ապրիլ 2020 Հայոց Ցեղասպանութեան 105 ամեակ։ Ժխտողականութեան վիրուսի դէմ յիշողութեան հակամարմինները։ Ժամանակը կ՛անցնի։ Յիշողութիւնը կը մնայ»։

Այս է Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի Հայոց Ցեղասպանութեան  105-րդ տարելիցին առթիւ կազմակերպած համացանացային նախաձեռնութեան կարգախօսը։ 

Արդարեւ Ապրիլի 20-ին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մը մէջ  Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդը յայտարարած է թէ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկը կը կատարուի ուղիղ եթերով սփռուած առցանց մէկ յայտագիրով, որ սկիզբ կ՛առնէ Հինգշաբթի 23 ապրիլի առաւօտեան ու վերջ կը գտնէ ուրբաթ 24 ապրիլի երեկոյեան, որուն ընթացքին նախատեսուած է Հռոմի Հայ Համայնքի Ֆէյսպուքեան էջին վրայ (facebook.com/comunitaarmena) տեղադրել ու հրապարակել հայկական աշխարհին հայող վաւերագրական ժապաւէններ, ֆիլմեր, վկայութիւններ, հարցազրոյցներ եւայլն... մինչ ուրբաթ 24 ապրիլի յետմիջօրէի 3էն սկսեալ նախատեսուած է ուղիղ եթերով յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան իտալական եւ հայկական աշխարհի պատկան  մտաւորականներ, քաղաքական ու դիւանագիտական մարզի ներկայացուցիչներ, արուեստի ու մշակոյթի ոլորտի  գործիչներ եւ Հռոմի Հայ Համայնքի անդամներ եւ իտալացի բարեկամներ։

Հաղորդագրութեան աւարտին Հռոմի Հայ համայնքի Խորհուրդը կը նշէ թէ անցեալ տարի ապրիլին Իտալիոյ Խորհրդարանը վաւերացուց ցեղասպանութիւնը ճանչցող պատմական բանաձեւ մը։ Սոյն յայտարարութեան կապակցութեամբ Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը յոյս կը յայտնէ, որ իտալական հասարակական կարծիքը աւելիով ներգրաւուի ու մասնակից  դառնայ 1915-ի ողբերգութեան յիշատակին:

Նշենք՝ թէ միշտ Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առթիւ Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդը հրապարակած է տեսահոլովակ՝ որուն կարգախօսէն է «Ժամանակը կ՛անցնի։ Յիշողութիւնը կը մնայ»։ ( https://youtu.be/th86-STcu5M )

«24 ապրիլ 1915 – 24 ապրիլ 2020 Հայոց Ցեղասպանութեան 105 ամեակ. Ժխտողականութեան վիրուսի դէմ յիշողութեան հակամարմինները։ Ժամանակը կ՛անցնի։ Յիշողութիւնը կը մնայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2020, 08:54