Հիւանդանոց եւ հիւանդապահներ Հիւանդանոց եւ հիւանդապահներ 

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կը զգուշացնէ. «Քորոնա» ժահրը երկար ատեն կրնայ հետապնդել մարդկութիւնը

Կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր համայնք «պաշտպանիչ վահան» ունենայ` մեկուսացնելու համար վարակակիրները եւ կանխելու աւելի մեծ համաճարակի բռնկումը:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան «ՔՈՎԻՏ-19»-ի հարցով յատուկ համակարգող Տէյվիտ Նապարօ զգուշացուց, որ ժահրը անպայման կրիփին նման ալիք առ ալիք պիտի չտարածուի: Բժիշկը յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրը «տակաւին երկար ժամանակ կրնայ հետապնդել մարդկութիւնը», որովհետեւ տակաւին պատուաստանիւթ չէ ստեղծուած:

Մեկնաբանելով իր տեսակէտը` ան նշեց, որ կրնան փոքր համաճարակներ բռնկիլ «ինքնաբերաբար», այդ իսկ պատճառով կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր համայնք «պաշտպանիչ վահան» ունենայ` մեկուսացնելու համար վարակակիրները եւ կանխելու աւելի մեծ համաճարակի բռնկումը: Նապարոյի համաձայն` թէեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման թիւերու տատանումներ կ’արձանագրուին, բայց եւ այնպէս Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը «տակաւին բարձր պատրաստուածութեան մէջ կը գտնուի եւ շատ մտահոգուած է», յատկապէս այն երկիրներով, որոնք առողջապահական տկար համակարգ ունին:

Մասնագէտը շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած տագնապը համաշխարհային բնոյթ կը կրէ եւ կոչ ուղղեց համաշխարհային ղեկավարներուն` առաւել մեծ համագործակցութիւն ծաւալելու:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2020, 07:27