Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը 

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնաքարն է․ ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Արցախի մէջ Մարտ 31-ին կայացած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ։ 

ՀՀ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ նշուած է․

«Մենք կը շնորհաւորենք Արցախի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը՝ Մարտ 31-ին, ժողովրդավարական բարձր չափանիշներուն համապատասխան՝ ազատ եւ արդար ընտրութիւններու իրականացման առիթով:

Արցախի ժողովուրդը իրաւամբ վաստակած է ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու, ժողովրդավարական եւ ժամանակակից հասարակութիւն ունենալու իրաւունքը: Այս համապետական ընտրութիւնները, որոնք անցան ժողովրդավարական ազատ մրցակցութեան եւ քաղաքացիական համերաշխութեան միջավայրի մէջ, ատոր լաւագոյն վկայութիւնն են:

Անոնք մէկ անգամ եւս փաստեցին, որ մարդու իրաւունքները, մասնաւորապէս ընտրելու եւ կառավարման մասնակցելու իրաւունքը, անօտարելի են եւ համընդհանուր: Մարդու իրաւունքներու հիմնարար փաստաթուղթերը, մասնաւորապէս՝ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը եւ Մարդու իրաւունքներու միջազգային դաշնագրերը, յստակօրէն կը սահմանեն, որ մարդու իրաւունքներու ծիրին մէջ, որեւէ տարբերակում պէտք չէ դրուի` մեկնելով տարածքի քաղաքական, իրաւական կամ միջազգային կարգավիճակէն, եւ բոլոր ժողովուրդները ինքնորոշման իրաւունքի ուժով կրնան ազատօրէն որոշել իրենց քաղաքական կարգավիճակը եւ հետամուտ ըլլալ իրենց տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային զարգացման:

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմնաքարն է: Այս իրողութիւնը ամբողջովին արտայայտուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ ներկայացուած կարգաւորման սկզբունքներուն եւ տարրերուն մէջ, ուր ամրագրուած է այդ իրաւունքով Արցախի ժողովուրդի՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող կամարտայայտման միջոցով Արցախի վերջնական իրաւական կարգավիճակին որոշումը:

Յատկանշական է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Արցախի ընտրութիւններուն վերաբերեալ իրենց յայտարարութեան մէջ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած սկզբունքներու եւ տարրերու նիւթին մէջ մէկ անգամ եւս ընդգծեցին Արցախի բնակչութեան դերը իր ապագան որոշելու գործին մէջ: 

Արցախի ապագայ իշխանութիւնները, որոնք խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք արդէն ստացած են, իսկ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլի արդիւնքով պիտի ստանան Արցախի ժողովուրդի իրաւագիրը, առանձնայատուկ պատասխանատւութիւն եւ դերակատարում ունին ղարաբաղեան խաղաղ գործընթացին մէջ:

Արցախի ընտրուած իշխանութիւններու աշխոյժ ներգրաւումը իբրեւ հակամարտութիւն կարգաւորման հիմնական կողմ էականօրէն պիտի բարձրացնէ բանակցային գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը եւ պիտի ապահովէ առաջընթաց կարգաւորման առանցքային հարցերուն մէջ:

Արցախի ընտրութիւնները կարեւոր են նաեւ տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ամրապնդման տեսակէտէն: Անիկա վերստին կը փաստէ իրողութիւնը, որ հակամարտութիւնը չի կրնար դառնալ անյաղթահարելի խոչընդոտ ժողովրդավարական հասարակութեան կառուցման ճանապարհին:

Այս օրերուն մենք նաեւ յարգանքի տուրք կը մատուցենք Արցախի ժողովուրդին դէմ չորս տարի առաջ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յարձակման եւ վայրագութիւններու զոհերուն յիշատակին: Այստեղ՝ անհրաժեշտ կը համարենք ընդգծել, որ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու ժողովրդավարական զարգացումը եւ սեփական ժողովուրդներուն առջեւ հաշուետու իշխանութիւններու ձեւաւորումը տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գրաւականն է»:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 11:15