Գարերգին Բ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսը։ Գարերգին Բ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսը։ 

Ծաղկազարդին դուրս պիտի բերուի Աստուածամուխ սուրբ գեղարդը։

Ծաղկազարդի տօնին առիթով դուրս պիտի բերուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ պահուող Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը:

Ապրիլ 5-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Երուսաղէմ Յիսուս Քրիստոսի յաղթական մուտքի տօնը` Ծաղկազարդը:

Տօնին առիթով դուրս պիտի բերուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ պահուող Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը: Հանդիսապետութեամբ Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պիտի կատարուի Անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին Սուրբ Գեղարդով պիտի օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը:

Ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագը եւ Անդաստանի արարողութիւնը պիտի հեռարձակուին ժամը 9:30-ին Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան 1-ին ալիքով եւ «Շողակաթ» հեռատեսիլի կայանով:

Քաղուած Եռագոյնէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2020, 07:32