Նախագահ Արմէն Սարգսեան Նախագահ Արմէն Սարգսեան 

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղերձը Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով։

Մենք մաքառած ենք, տոկացած ու հերոսացած։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի,

Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու տարելիցը կ՝անցնի համավարակի պարտադրած արարողակարգով: Սակայն մեր յարգանքի տուրքը մեր սուրբ նահատակներու յիշատակին երբեք չէ չափուած միայն Եղեռնի յուշահամալիր կամ Հայոց Ցեղասպանութեան այլ յուշարձաններ այցելութեամբ:

Մենք կը յիշենք մեր զոհերը մշտապէս ու ամէնուր՝ աշխարհի մէջ ուր ալ ըլլանք, կ՝աղօթենք անոնց համար մեր հոգիին եւ մտքին մէջ՝ անուն առ անուն: Յիշողութիւնն ու կորուստի ցաւը՝ միահիւսուած ապրելո՛վ յաղթելու ու արդարութեան յաղթանակին հասնելու մեր կամքին հետ, կ՝ուղեկցին մեզի արդէն 105 տարի:

Այո՛, աւելի քան մէկ դար անցած է Հայոց Ցեղասպանութենէն, հայ ժողովուրդի հայրենազրկումէն եւ ունեզրկումէն: Սակայն համայն հայ ժողովուրդը դեռ կը սպասէ ճշմարտութեան յաղթանակին եւ արդարութեան հաստատման:

Պատմաբանները եւ վերլուծաբանները, ժամանակի պետական եւ քաղաքական գործիչները առաջին աշխարհամարտէն ետք հաստատուած համաշխարհային կարգի ամենամեծ անարդարութիւններէն մէկը կը համարեն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն բացարձակ անտեսումը:

1.5 միլիոն մարդկային կեանքերու կորուստը էապէս ազդած է հայ ժողովուրդի յետագայ վերարտադրման վրայ. այսօր պէտք է ըլլայինք ոչ թէ 10-12 միլիոն, այլ առնուազն անոր կրկնակին:

Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, որ հայերը կը բարձրացնեն միջազգային հանրութեան եւ Թուրքիոյ առջեւ, ունի քանի մը բաղադրիչ՝ յիշողութեան պարտք, նման ոճորի կրկնութեան բացառում եւ դատապարտում, Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացում:

Անընդունելի է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի դիտարկումը Անգարայի հետ տնտեսական կամ քաղաքական այսրոպէական շահերու տեսանկիւնէն:

Այդ մօտեցմամբ աշխարհը առաջ չ՝երթար:

Մենք չենք կրնար մէկ կողմէն յայտարարել մարդատեացութեան, խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան, հակասեմականութեան, ժխտողականութեան եւ այլ համամարդկային չարիքներու դէմ համատեղ պայքարի մասին, միւս կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով «դիւանագիտութիւն բանեցնել» Թուրքիոյ հետ:

Շատ պետութիւններ, որոնք մեծ շահեր ունին Թուրքիոյ հետ, յաղթահարած են այդ պատնէշը, եւ պէտք է արժանին մատուցել անոնց:

Երախտապարտ ենք անոնց, ինչպէս նաեւ այն երկիրներուն, որոնք ցեղասպանութենէն ետք իրենց դռները բացած եւ ապաստան տուած են այդ արհաւիրքէն փրկուածներուն:

Երախտապարտ ենք մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, միսիոներներուն, դիւանագէտներուն եւ այն ժողովուրդներուն ու անհատներուն, որոնք դաժան այդ օրերուն օգնութեան ձեռք մեկնեցին ու փրկեցին շատերը:

Անընդունելի է Թուրքիոյ իրարայաջորդ կառավարութիւններու դիրքորոշումը, որ խուսափած է եւ կը խուսափի Ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ պետական մակարդակով առաջ կը տանի ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը:

Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը վաղեմութեան ժամկէտ չունի: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ եւ անոր հետեւանքներուն վերացումը անվտանգութեան երաշխիք են Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի համար:

Մենք չենք կրնար մոռնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ չենք կրնար հաշտուիլ անոր հետեւանքներուն հետ:

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Այսօր ցաւագին յիշատակէն բացի պէտք է խօսիլ այդ տարիներուն մեր ժողովուրդին ցուցաբերած ոգիի տոկունութեան եւ հերոսութեան մասին նոյնպէս:

Ցեղասպանութիւնը նաեւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ու մաքառումի պատմութիւն է, մարդկային ոգիի ու կամքի պայքարի պատմութիւն։ Ատիկա պայքար էր կեանքի համար: Պայքար ինքնութեան պահպանման համար, պայքար ազգի յիշողութիւնը չկորսնցնելու եւ սերունդներուն փոխանցելու իրաւունքի ու հնարաւորութեան համար։

Ցեղասպանութիւնը նաեւ մարդկային ամենօրեայ հերոսութեան պատմութիւն է, երբ ապրիլն ու գոյատեւելը արդէն իսկ պայքար էր։ Մենք մաքառած ենք, տոկացած ու հերոսացած։

Մենք կրցանք յաղթել մահին, մենք վերապրեցինք եւ վերածնուեցանք: Այսօրուան անկախ Հայաստանի գոյութիւնը, ազատ Արցախը, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած ու յաջողակ Սփիւռքը ատոր ապացոյցն են եւ նոր հնարաւորութիւն մեզի համար:

Հնարաւորութիւն՝ համախմբուելու իբրեւ ազգ եւ ժողովուրդ, մէկտեղելու մեր ջանքերն ու կարողութիւնները եւ հասնելու մեր ազգային իղձերու իրականացման:

Ես կը հաւատամ ատոր:

Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ։

Աստուած պահապան հայ ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2020, 08:46