«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ «Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն թիւը հասաւ 1039-ի: Առողջացածներուն ընդհանուր թիւը 211 է, մահացածներունը` 14:

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ  13 ապրիլին Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու 26 նոր դէպք, առողջացած է 14 քաղաքացի: Այսպիսով, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերուն թիւը հասաւ 1039-ի: Առողջացածներուն ընդհանուր թիւը 211 է, մահացածներունը` 14:

Ունկնդրէ լուրը

Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Արցախի մէջ «Քորոնա»-ի նոր քննութիւններ չեն կատարուիր: 13 ապրիլի դրութեամբ արձանագրուած է վարակման 6 դէպք:

Աւելի ուշ, Հայաստանի զինուած ուժերու զինուորաբժշկական վարչութեան պետ Սահակ Օհանեան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած զինուորներէն 6-ն ապաքինած են եւ վերադարձած ծառայութեան: Սահակ Օհանեան աւելցուց, որ ներկայ դրութեամբ «Քորոնա» ժահրէն բուժում ստացող զինուորներուն թիւը չնչին է:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2020, 08:00