Դրամական միջազգային Ֆոնտը Դրամական միջազգային Ֆոնտը 

«Քորոնա»-ին պատճառով դրամական միջազգային ֆոնտը միջին արեւելքի մէջ տնտեսական աղէտ նախատեսեց։

Հիմնադրամի ղեկավարութիւնը յայտարարած է դրամահաւաք, որ պիտի արտօնէ վճարումները յետաձգել երկու տարիով:

Միջազգային դրամական ֆոնտի կառավարիչներու խորհուրդը համաձայն գտնուեցաւ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ ֆոնտի անդամ 25 երկիրներու պարտքի վեցամսեայ յետաձգման: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ այս մասին ըսուած է հիմնադրամի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

Կը սպասուի, որ նոյնպիսի որոշում որդեգրուի նաեւ առնուազն չորս այլ պետութիւններու նկատմամբ:

Միջազգային դրամական ֆոնտը իր յայտարարութեան մէջ կը նշէ, թէ սկիզբը հիմնադրամի կողմէ ստեղծուած յատուկ ֆոնտի վճարումներու յետաձգման համար պիտի պահանջուի 213 միլիոն տոլար:

Հիմնադրամի ղեկավարութիւնը յայտարարած է դրամահաւաք, որ պիտի արտօնէ վճարումները յետաձգել երկու տարիով: Ատոր համար պիտի պահանջուի 1,4 միլիառ տոլար, առայժմ հաւաքուած է 185 միլիոն տոլար:

Պարտքի յետաձգման որոշումը կը վերաբերի Աֆղանիստանին, Պենինին, Հայիթիին, Կամպիային, Կուինէին, Քոնկոյի դեմոկրատական հանրապետութեան, Եմէնին, Լիպերիոյ, Մատակասկարին, Մալիին, Մոզամպիքին, Նեփալին, Ռուանտային, Սողոմոնեան կղզիներուն, Տաճիկիստանին, Թոկոյին, Կեդրոնական Ափրիկեան հանրապետութեան, Չատին եւ այլ պետութիւններուն:

Նշենք, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը նաեւ երէկ Միջին Արեւելքի մէջ «Քորոնա» ժահրի պատճառով տնտեսական աղէտ մը նախատեսեց:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2020, 09:32