Միասին կարելի է Միասին կարելի է 

Աւելի քան 40 հայ երգիչ-երգչուհիներներ պիտի մասնակցին առցանց համերգի, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին

Առցանց համերգին ելոյթ պիտի ունենան Յարութ Փամպուքչեանը, Իւետա Մուկուչեանը, Արա Մարտիրոսեանը, Հայկոն, Արամ MP3-ը, Թաթան, Շուշան Պետրոսեանը, Արամէն, Անտին, Արմէնչիկը, Արման Յովհաննիսեանը, Գարիկը եւ Սոնան, Մարտին Մկրտչեանը, Գրիշա Աղախանեանը, Նորոն, Սոնան, Թաթուլը, Էրիկ Կարապետեանը եւ այլք:

Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող եւ ստեղծագործող աւելի քան քառասուն հայ երգիչ-երգչուհիներ Մայիս 2-ին պիտի մասնակցին միջազգային interactive առցանց համերգի: Համերգին հասոյթը պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ Covid19-ի դէմ իրականացուող պայքարի ծրագիրերուն` աջակցելու առողջապահական համակարգին` ձեռք բերելու անհրաժեշտ շնչառական սարքաւորումներ եւ համապատասխան դեղորայք:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` առցանց համերգին ելոյթ պիտի ունենան Յարութ Փամպուքչեանը, Իւետա Մուկուչեանը, Արա Մարտիրոսեանը, Հայկոն, Արամ MP3-ը, Թաթան, Շուշան Պետրոսեանը, Արամէն, Անտին, Արմէնչիկը, Արման Յովհաննիսեանը, Գարիկը եւ Սոնան, Մարտին Մկրտչեանը, Գրիշա Աղախանեանը, Նորոն, Սոնան, Թաթուլը, Էրիկ Կարապետեանը եւ այլք:

Հայկոն, անդրադառնալով սպասուող համերգային ծրագիրին, տեսանիւթ հրապարակած էի ֆէյսպուքի իր պաշտօնական էջին վրայ` նշելով, որ յատկապէս այս դժուար օրերուն մենք բոլորս պէտք է կողք կողքի ըլլանք: «Միասին մենք կրնաք»,-շեշտած է երգիչը:

Համերգի տոմսեր ձեռք բերելու, երգիչներուն ամբողջական ցանկի, ինչպէս նաեւ իւրօրինակ ֆլեշմոպի մասին մանրամասնութիւններ կրնաք ստանալ այս հղումով` https://all.me/tovmasyanfoundation

Առցանց համերգը նախաձեռնած է «Թովմասեան» բարեգործական հիմնադրամը։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2020, 07:56