Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ 

Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցեցաւ 76,471 քուէարկող։

Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած տուեալներուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան ընտրողներուն թիւը կը կազմէ 105,251։

Մարտ 31-ին, Արցախի մէջ տեղի ունեցան նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք սկսան առաւօտեան ժամը 8:00-ին, երբ բացուեցան 282 ընտրական տեղամասերը, որոնցմէ մէկը կը գտնուէր Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ, այլ տեղամաս մըն ալ հաստատուած էր Շուշիի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ: Ժամը 20:00-ին փակուեցան ընտրական կեդրոնները:

Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած տուեալներուն համաձայն, Արցախի Հանրապետութեան ընտրողներուն թիւը կը կազմէ 105,251: Ընտրութիւններուն մասնակցած է 76,471 ընտրող (ընդհանուր թիւին 72,7 առ հարիւրը): Գործած են 8 ընտրական յանձնախումբեր` Ստեփանակերտի եւ Արցախի 7 շրջաններու մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ Ազգային ժողովի համապետական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու եւ ընտրութիւններուն ընթացքը լուսաբանելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին մօտ հաւատարմագրուած էր 963 դիտորդ եւ լրատուամիջոցներու 231 ներկայացուցիչ:

Արցախի նախագահական պաշտօնին համար կը պայքարէին 14 թեկնածուներ` Քրիստին Բալայեան, Վիթալի Բալասանեան, Սերկէյ Ամիրեան, Դաւիթ Բաբայեան, Բելա Լալայեան, Արայիկ Յարութիւնեան, Հայկ Խանումեան, Դաւիթ Իշխանեան, Վահան Բադասեան, Մասիս Մայիլեան, Աշոտ Ղուլեան, Ռուսլան Իսրայէլեան, Աշոտ Դադայեան եւ Մելսիկ Պօղոսեան:

Ազգային ժողովին համար ընտրութիւններուն կը մասնակցէին 12 քաղաքական ուժեր` Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւն, Միասնական հայրենիք կուսակցութիւն, Անկախութեան սերունդ կուսակցութիւն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Արցախի յեղափոխական կուսակցութիւն, Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինք, Արցախի Արդարութիւն կուսակցութիւն, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն, Միացեալ Հայաստան կուսակցութիւն, Արցախի պահպանողական կուսակցութիւն, Լեռնային Ղարաբաղի համայնավար  կուսակցութիւն, Նոր Արցախ կուսակցութիւններու դաշինք:

Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանի համաձայն, ընտրական տեղամասերուն մէջ սկսած էր քուէաթերթիկներու հաշուարկը: Նախնական արդիւնքները յայտնի պիտի ըլլան մինչեւ Ապրիլ 1-ի, երեկոյեան ժամը 8:00-ը:

Երէկ, կէս գիշերուան նախնական տուեալներուն համաձայն,  
յառաջատար էր Արայիկ Յարութիւնեան:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2020, 09:02