Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Տէր Զօրի անապատէն առնուած  լուսանկար։ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Տէր Զօրի անապատէն առնուած լուսանկար։ 

Մեծ Եղեռնի նիւթական վնասը` մօտ 10 եռիլիոն Տոլար․ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» Օրաթերթ։

Ակադեմիկոս Գէորգ Պօղոսեանի հաշուարկներով` 100 տարի անց հայութեան թուաքանակը պիտի կազմէր առնուազն 20 միլիոն:

«Եթէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ ժողովուրդին պատճառուած մարդկային կորուստները 1,5 միլիոն կը համարենք, ապա ատոր հետեւանքները շատ աւելի հսկայական են: Պատկերացուցէք, թէ որքան պիտի ըլլար հայերու թիւը այսօր, եթէ 1,5 միլիոն հայերը ողջ ըլլային»: Ակադեմիկոս Գէորգ Պօղոսեանի հաշուարկներով` 100 տարի անց հայութեան թուաքանակը պիտի կազմէր առնուազն 20 միլիոն: Այս թիւը լուջ սպառնալիք էր թրքական պետութեան համար,  «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ «Հայաստանի Հանրապետութիւն» Օրաթերթի այսօրուան թիւէն։

Ըստ հետազօտող Գէորգ Բաղջեանի` 2008-ի դրութեամբ նիւթական պահանջքի գումարը պիտի կազմէր 298 միլիառ ամերիկեան տոլար, սակայն ասիկա միայն կորուստն է: Եթէ այդ գումարը ուղղակի որպէս աւանդ դրուէր որեւէ դրամատան մէջ, ամենանուազագոյն` 5 տոկոս տոկոսադրոյքով, նոյն Գէորգ Բաղջեանի կարծիքով` 298 միլիառ տոլարը պիտի կազմէր աստղաբաշխական թիւ մտ` 9,97 եռիլիոն ամերիկեան տոլար: «Ասոր մէջ չի ներառուիր անգամ կորսուած շահոյթը: Եթէ այս դրամագլուխը հայերը կարենային ներդրել ինչ-որ ձեռնարկատիրական գործունէութեան մէջ, պիտի ստանային խոշոր շահոյթներ: Շատ հետազօտողներ ինչ-որ հաշուարկներ կատարած են ու ստացած տարբեր թիւեր, բայց նիւթական կորուստի եւ ատոր հետեւանքի խնդիրը մեզի կը հետաքրքրէ այնքանով, որքանով անոր հատուցումը կրնայ նպաստել վերադարձուող տարածքները շէնցնելու եւ հայերով վերաբնակեցնելու հարցով»,- այս մասին օրաթերթի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հայկական հարցի եւ հայոց ցեղասպանութեան բաժինի վարիչ, պատմաբան Արմէն Մարուքեան:

Քաղուած Եռագոյնէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2020, 12:24