Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բժշկական օգնութիւն ուղարկած են Հայաստան։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բժշկական օգնութիւն ուղարկած են Հայաստան։ 

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բժշկական օգնութիւն ուղարկած են Հայաստան։

Բժշկական օգնութենէն պիտի օգտուի աւելի քան 7 հազար բուժաշխատող:
Ունկնդրէ լուրը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները 7 թոն բժշկական պարագաներով լի օդանաւ մը  ուղարկած են Հայաստան` աջակցելու երկրին՝ «Քորոնա» ժահրիդ դէմ պայքարին։ Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ Հայաստանի մէջ ԱՄԷ դեսպանութենէն։

Բժշկական օգնութենէն պիտի օգտուի աւելի քան 7 հազար բուժաշխատող:

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ԱՄԷ Մուհամմատ Իսա ալ Քատտամ Ալ Զաապին ըսած է․ «Էմիրութիւններու համար պատիւ է իրականացնել իր պարտականութիւնը` օգնելու այլ երկրներուն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին»։

Դեսպանը նշած է նաեւ․ «ԱՄԷ կառավարութիւնը, ժողովուրդը եւ բոլոր բուժաշխատողները կը միաւորեն իրենց ջանքերը` յանուն  այս ճգնաժամի յաղթահարման: Մենք կը գիտակցինք, որ միջազգային հանրութիւնը կրնայ յաղթահարել «Քորանա» ժահրը միայն միահամուռ ջանքերով եւ կառուցողական համագործակցութեամբ»:

Նշենք, ո ԱՄԷ-ն մինչեւ հիմա աւելի քան 314 թոն օգնութիւն ուղարկած 27-է աւելի պետութեան, որմէ օգտուած է մօտ 314 հազար բուժաշխատող:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2020, 07:49