Որոնել

 Ժահրերէ մաքրող սարքեր Ժահրերէ մաքրող սարքեր 

Հայ մասնագէտները «Քորոնա»ի դէմ պայքարին համար պատրաստած են օդը ժահրերէ մաքրող սարքեր։

Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Ալինա Նիկողոսեան յայտնեց, որ նախարարութեան կողմէ գնուած 20 օզոնային շարժակները տեղադրուած են հիւանդանոցներուն մէջ։

Հայաստան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել «Քորոնա» ժահրին դէմ սեփական միջոցներով պայքարելու համար: Այս անգամ Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարանի մասնագէտները պատրաստած են օզոնային 20 շարժակներ, որոնք նախատեսուած են փակ տարածքներու, նաեւ բժշկական սարքաւորումներու ախտահանման համար: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը արդէն ձեռք բերած է զանոնք։ «Արմէնփրէս»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին պատմեց տարրալուծարանի տնօրէն Անի Աբրահամեան:

«Մեր տարրալուծարանը  ընդհանուր առմամբ այս գործերով չի զբաղիր, բայց քանի որ “Քորոնա” ժահրի պատճառով ստեղծուած արտակարգ դրութեան անհրաժեշտութիւն կար, մենք որոշեցինք բան մը անելու: Եւ մտածեցինք՝ ամենալաւն այն կ՛ըլլայ, որ կարենանք բան մը ստեղծել, որ կ՛ախտահանէ», պատմեց Աբրահամեան:

Ան օզոնային շարժակի գաղափարը յիշած է սփիւռքահայ բժիշկի մը հետ խօսակցութենէն, փնտռած է այդ մարդը, գտած Հայաստանի մէջ, միասին քննարկած են հարցը, բարեփոխած են ձեւաւորումը եւ սկսած պատրաստութեան գործընթացին:  «Օզոնային շարժիչներ շատ կան աշխարհում եւ տարբեր կիրառութիւններ ունեն: Մեզ համար կարեւոր էր մտածել մի բան, որը կ՛ոչնչացնի վիրուսը: Մեր սարքած օզոնային գեներատորները կարող են 1 ժամուայ մէջ 140 խորանարդ մետր ախտահանել», ըսաւ Ապրահամեան՝ աւելցնելով, որ ժամացոյցներ տեղադրուած են երկու ժամուան համար։

Այս սարքերը կ՛արտադրուին նաեւ Չինաստանի մէջ, սակայն անոնց սակը կը տատանի 100-1000 տոլարի միջեւ: «Մեր սարքածը միջին որակի մի բան եղաւ՝ համեմատելով չինականի հետ: Իւրաքանչիւրի համար նիւթերի ծախսը կազմեց 42 հազար դրամ, գործն անվճար արեցինք», ըսաւ ան աւելցնելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային անոնք կրնան վաճառուիլ 60-80 հազար դրամի սահմաններուն մէջ:

Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Ալինա Նիկողոսեան յայտնեց, որ նախարարութեան կողմէ գնուած 20 օզոնային շարժակները տեղադրուած են հիւանդանոցներուն մէջ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/04/2020, 06:44