Ցեղասպանութիւնը վերապրած 3 քաղաքացի Ցեղասպանութիւնը վերապրած 3 քաղաքացի 

Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած երեք մարդ կ՝ապրի։

Ովսաննա Միրխանեան (1915 թուականի ծնունդ), Մարի Կիրակոսեան (1908-ի ծնունդ) եւ Եփրաքսի Գէորգեան (1914-ի ծնունդ):

ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութեան հասարակական ապահովութեան պետական ծառայութեան կողմէ կենսաթոշակ կը ստանայ Ցեղասպանութիւնը վերապրած 3 քաղաքացի: Այս մասին՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի տեղեկութիւններով՝ Armenpress.am-ին յայտնած են Աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարութենէն: 

Նշեալ քաղաքացիներն են՝ Ովսաննա Միրխանեան (1915 թուականի ծնունդ), Մարի Կիրակոսեան (1908-ի ծնունդ) եւ Եփրաքսի Գէորգեան (1914-ի ծնունդ):

Նախկին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին մինչեւ 1915 Դեկտեմբեր 31 ծնածները, բացի իրենց կենսաթոշակէն, պետութեան կողմէն կը ստանան նաեւ յաւելավճար իրենց կենսաթոշակի 50 տոկոսի չափով եւ հարիւր հազար դրամ իբրեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած:

Երբ 2013-ին՝ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, նշեալ լրատուամիջոցը սկսած էր «Ականատեսը» յատուկ նախագիծը, Հայաստանի մէջ կը բնակէր Ցեղասպանութիւն վերապրած 40 անձ:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2020, 08:40