Հալէպահայեր իրենց արիւնը նուիրեցին Սուրիոյ Ժողովուրդին Հալէպահայեր իրենց արիւնը նուիրեցին Սուրիոյ Ժողովուրդին 

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առիթով 136 Հալէպահայեր իրենց արիւնը նուիրեցին Սուրիոյ Ժողովուրդին

Կը Յիշենք ու կը պահանջենք: Կը պահանջենք ու կը նուիրենք մեր արիւնը նաեւ մեզ հիւրընկալած օրհնեալ այս երկրին:

Հայութեան աշխարհացրիւ բեկորները Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչման տարբեր նախաձեռնութիւններով արդարութիւն կը պահանջեն:

«Գանձասար»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Հալէպի մէջ յատկանշական է աւանդութիւն դարձած արեան տուչութեան ձեռնարկը:

Հակառակ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած ծանր պայմաններուն, այս տարի եւս կարելի եղաւ իրականացնել արեան տուչութեան ձեռնարկը, Հալէպի հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, համաճարակի կանխարգիլման նախազգուշական բոլոր միջոցներուն կիրարկումով՝ ապահովելու համար իրենց արիւնը նուիրաբերողներուն պաշտպանուածութիւնը:

Ձեռնարկին նախորդող օրը, Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին միատեղ աշխատանքով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահը հականեխուեցաւ՝ ընդունելու համար արեան տուչութեան մասնակիցները:

Կազմակերպութեամբ ՀԵՄ-ին, համագործակցութեամբ Հալէպի արեան տուչութեան պետական կեդրոնին, Հինգշաբթի 23 Ապրիլ 2020-ի առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3:00, 136 հայորդիներ սիրայօժար նուիրեցին իրենց արիւնը Սուրիական Հայրենիքի զաւակներուն եւ անձնուրաց բանակին, արտայայտելով իրենց յարգանքը ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն, միաժամանակ երախտագիտութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնելով Սուրիոյ խորհրդարանին, որ այս տարուան սկզբաւորութեան պաշտօնապէս ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը:


Սրահի մուտքին մասնակիցները դիմաւորուեցան յանձնախումբի անդամներուն կողմէ, որոնք հականեխիչ դեղերով, բժշկական մռութակապերով եւ ժահրի տարածման կանխարգիլման այլ միջոցներով օժտեցին զանոնք:
Արեան տոչութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանը:
Ձեռնարկին արձագանգեցին սուրիական պատկերասփիւռի կայանները:
Այս առիթով սրբազան հայրը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յիշատակին, հակառակ համաճարակի տարածումին, արեան տուչութեամբ եկած ենք միասնական մօտեցումով նեցուկ կանգնելու սուրիական բանակի զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենիքի ազատութեան:Անոնք արժանի են բոլոր սուրիացիներուն, յատկապէս սուրիահայ համայնքի զաւակներուն յարգանքին»:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այս առիթով շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշար ալ Ասատին եւ սուրիական բանակին, որոնց զոհողութիւններով շրջանցեցինք միջազգային եւ տարածաշրջանային ամենավտանգաւոր դաւերը, յաղթանակներ կերտեցինք ահաբեկչական ծրագրաւորումներուն դէմ եւ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը վերահաստատուեցան Սուրիական Հայրենիքէն ներս: Մասիս եպիսկոպոս, Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցի յիշատակին շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ խորհրդարանին եւ անոր նախագահին, 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին ու դատապարտումին համար եւ հրաւիրեց աշխարհի խորհրդարանները, միջազգային ընտանիքն ու հանրային կարծիքը ճանչնալու եւ դատապարտելու զայն: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ մեր թշնամին մէկ է՝ մարդասպան թուրքը, որ ինչպէս հայ ժողովուրդին հարստութիւններն ու պապենական հողերը խլեց եւ զինք տեղահան ընելով իր հայրենիքէն, անօթի ու ծարաւ դէպի անապատ ուղղեց, տարիներ ետք նոյն ջարդարար թուրքը, վայրագ արիւնարբու քաղաքականութեամբ իր թնդանօթները ուղղեց Սուրիոյ անմեղ ժողովուրդին՝ խլելու համար անոր ապահով կեանքն ու քանդելու երկիրը: Սուրիական քաջարի բանակին յաղթանակներուն շնորհիւ, սակայն, օսմանցի թուրքին աչքերէն արցունքի փոխարէն արիւն պիտի հոսի, իսկ Սուրիան իր բոլոր նահանգներով որպէս մէկ ամբողջութիւն առաւել պիտի ծաղկի շնորհիւ իր զաւակներուն միասնական ճիգերով, վերականգնումի աշխատանքներով:.

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2020, 08:24