Դպրոցէ առնուած լուսանկար Դպրոցէ առնուած լուսանկար 

Եունեսքօ. «Աշխարհի վրայ 370 միլիոն աշակերտներ «Քորոնա»-ի պատճառով դպրոց չեն յաճախեր»։

«Առնուազն մէկ ամիս առաջ Չինաստանը միակ երկիրն էր, ուր հաստատուած էր դպրոցներու փակման անհրաժեշտութիւնը:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կոչ ուղղած է «Քորոնա» ժահրի` «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ պայքարելու նպատակով հաստատուած առողջապահական մեկուսացումի պայմաններուն պատճառով երեխաները չզրկել կրթութեան իրաւունքէն: Ըստ կառոյցի տուեալներուն, այս օրերուն ամբողջ աշխարհի վրայ շուրջ 370 միլիոն աշակերտ դպրոց չի յաճախեր: Այս մասին կը գրէ «Ինպիզնես» կայքը:

Ունկնդրէ լուրը

«Առնուազն մէկ ամիս առաջ Չինաստանը միակ երկիրն էր, ուր հաստատուած էր դպրոցներու փակման անհրաժեշտութիւնը: Այդ ժամանակէն ի վեր 29 երկիր «ՔՈՎԻՏ-19»-ի` «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման համար այդպիսի քայլի դիմած է: Այսօր ամբողջ աշխարհի վրայ իւրաքանչիւր հինգերորդ աշակերտը (369 միլիոն երեխայ եւ դեռահաս) զրկուած է դպրոց յաճախելու իրաւունքէն», կ՛ըսուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէն ընդգծած է, որ առողջապահութեան ոլորտին մէջ ճգնաժամերու պատճառով դպրոցները ժամանակաւորապէս փակելը պէտք չէ երեխաներու կրթութեան իրաւունքի խախտման համար պատրուակ ըլլայ:

Վերջինս նաեւ նշած է, որ կ՛աշխատին շարք մը երկիրներու հետ ուսումնական ընթացքը նորարարական ճարտարագիտութիւններու միջոցով շարունակելու ուղղութեամբ:

Միւս կողմէ, Ճամբորդութեան եւ զբօսաշրջութեան համաշխարհային խորհուրդը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով նշեալ մարզի շուրջ 50 միլիոն աշխատակից կրնայ կորսնցնել աշխատանքը:

Քաղուած Ազդակէն
        

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2020, 11:23