Մէկ միլիոն քաղաքացիներ տեղահանուած Իտլիպէն Մէկ միլիոն քաղաքացիներ տեղահանուած Իտլիպէն 

Մէկ միլիոն քաղաքացիներ տեղահանուած Իտլիպէն՝ Մանուկներուն խռովքը։

Այդ մանուկներու ականջներուն մէջ կը հնչեն ռումբերու ձայնը, գծագրութիւնները կ՛արտայայտեն պատերազմի տեսարաններ, ու աչքերուն մէջ կան միայն ցաւալի դէպքեր:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրիացի մանուկներուն թող վերադարձուի ապագան՝ որուն իրաւունք  ունին» այս է՝ ամիսներէ ի վեր բարձրացող  մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կոչը ի նպաստ Սուրիոյ անմեղ մանուկներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Անոնց տուեալներու համաձայն՝ վերջին ամիսներուն, Սուրիոյ մէջ մէկ ու կէս միլիոն քաղաքացիներ տեղահանուած են Իտլիպի շրջանէն ու անոնց 60 առ հարիւրը մանուկներ են։

«Terre des Hommes» բարեսիրական կազմակերպութեան տնօրէն՝ Տիար Պրունօ Ների այս ուղղութեամբ յայտնած է թէ  միլիոնաւոր քաղաքացիներ, որոնց շարքին մեծ թիւով մանուկներ, ամէն օր կ՛ապրին անասելի տառապանք, մինչ իրենց կեանքը վտանգելով կը փնտռեն ապաստան գտնել այլուր։ Անոնք կորսնցուցին  ամէն ինչ։

Այդ մանուկներու ականջներուն մէջ կը հնչեն ռումբերու ձայնը, գծագրութիւնները կ՛արտայայտեն պատերազմի տեսարաններ, ու աչքերուն մէջ կան միայն ցաւալի դէպքեր։ Անոնք կ՛ապրին այնպիսի խռովք որ դժուարաւ պիտի կարողանան մոռնալ ու իրենց պիտի ընկերանայ իրենց կեանքի ընթացքին։ Հարկաւոր է պահ մը առաջ անոնց վերադարձնել ապագայի յոյսը՝ որուն արժանի են եւ իրենց իրաւունքին կը պատկանի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/03/2020, 09:03