Միացեալ նահանգներու նախագահ Թրամփ Միացեալ նահանգներու նախագահ Թրամփ 

Թրամփ յայտարարած է ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի միջեւ օդափոխադրութիւնը դադրեցնելու մասին:

ԱՄՆ-ի մէջ կայ պսակաւոր ժահրով վարակուած 1135 անձ, որոնցմէ 38 մահացած են:

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է դէպի Եւրոպա ուղեւորութիւնները դադրեցնելու մասին. պատճառը Պսակաւոր ժահրի տարածման դէմ պայքարն է:

Հեռուստատեսային ուղերձին մէջ ան ըսած է, որ եւրոպական երկիրներէն բոլոր այցելութիւնները պիտի դադրին յառաջիկայ 30 օրուան ընթացքին:

Բայց նշած է, որ «խիստ, բայց անհրաժեշտ» սահմանափակումները չեն տարածուիր Մեծ Բրիտանիոյ վրայ, ուր այս պահուն հաստատուած է ժահրի 460 դէպք:

ԱՄՆ-ի մէջ կայ պսակաւոր ժահրով վարակուած 1135 անձ, որոնցմէ 38 մահացած են:

«Որպէսզի կանխենք նոր դէպքերը մեր ափին վրայ, մենք պիտի դադրեցնենք Եւրոպա կատարուող բոլոր ուղեւորութիւնները», — Մարտ 11-ին ըսած է ան` աւելցնելով,- «Նոր կանոններն ուժի մէջ պիտի մտնեն  Ուրբաթ կէսգիշերին»:

Ելոյթէն առաջ Թրամփը թուիթըրի վրայ գրած է. «Լրատուամիջոցները պէտք է ասիկա համարեն միասնութեան եւ ուժի շրջան: Մենք ունինք ընդհանուր թշնամի, փաստօրէն, ամբողջ աշխարհի թշնամին ` պսակաւոր ժահրը: Պէտք է յաղթենք անոր հնարաւորին չափ արագ եւ առանց վտանգաւոր հետեւանքներու: Ինծի համար չկայ աւելի կարեւոր բան, քան Միացեալ Նահանգներու անվտանգութիւնը»:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2020, 08:20