Ձեռագրութիւն Ձեռագրութիւն 

Մատենադարանին մէջ պիտի ցուցադրուի թուղթի վրայ գրուած Հայերէն հնագոյն ձեռագիրը։

Ձեռագրական մշակոյթի բազմահազար արժէքաւոր ձեռագիրներուն մէջ իր բացառիկ կարեւոր եւ նշանակալի տեղը ունի 981-ին ստեղծուած այս ձեռագիրը:

Մարտ 6-ին  Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հայերէն հնագոյն թղթեայ ձեռագիրի ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Ապրիլ 4: Այս մասին կը յայտնէ Մատենադարանի ֆէյսպուքեան էջը:

Ձեռագրական մշակոյթի բազմահազար արժէքաւոր ձեռագիրներուն մէջ իր բացառիկ կարեւոր եւ նշանակալի տեղը ունի 981-ին ստեղծուած այս ձեռագիրը:

Ան ժամանակին կը կոչուէր «աղքատ քարտէս», այսինքն՝ մագաղաթի համեմատ կը համարուէր պակաս արժէք ունեցող, բայց այսօր հայերէն ամենահին թղթեայ ձեռագիրն է եւ աշխարհի մէջ հնագոյններէն մէկը: Անոր գիրը բոլորգիրն է, որ այն ժամանակ կը կոչուէր «անհեթեթ գիրք», այսինքն՝ Սուրբ Գրքերի երկաթագրի համեմատ աւելի առօրեական գրատեսակ, իսկ այսօր հայերէն բոլորգրուած առաջին ձեռագիրն է․ գրատեսակ, որ դարձաւ գրչութեան հիմնական գիր, յետագային` տպագրութեան գիր:

Մատեանը ունի հարուստ բովանդակութիւն։ Առաջին մասին մէջ գիտական ու պատմական նիւթեր են, երկրորդ մասին մէջ՝ պատմական եւ դաւանաբանական:

Ձեռագիրի գրանիւթի եւ պարունակած նիւթերու բացառիկ արժէքը նկատի ունենալով Մատենադարանի տնօրինութիւնը որոշած է մատեանի հազարամեակի առիթով` 1981-ին զայն հրատարակել ամբողջական նմանահանութեամբ, վերծանութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ:

Մէկ կազմի մէջ առնուած այս ձեռագիրին մէջ միացած են երկու ինքնուրոյն ժողովածուներ կամ մատենագրական երկեր, որոնց կազմողը Դաւիթ քահանան է, իսկ գրիչը` անոր որդին՝ Ղուկասը:
ձեռագիրը ունի 19,5×28,5 սմ մեծութիւն, 361 թերթ, որ նորոգուած, լրացուած եւ կազմուած է քանի մը անգամ. այժմեան կազմը 1585 թուականինն է:

Ձեռագիրը վերջին երկու տարիներուն գտնուած է Մատենադարան վերականգնման բաժինին մէջ, ուր բացի հիմնական առաջնային աշխատանքներէն (ախտահանում եւ փոշեհանում) կատարուած է թանաքակերութեան հետեւանքով գիրի հատուածներուն մէջ յառաջացած անցքերու ամրակայում, նախապէս մշակուած մեթոտով:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2020, 08:58