Ռաի Պատրիաքը Ռաի Պատրիաքը 

Ռայի Պատրիարքը.«Բոլորը կը սպասեն կառավարութեան կողմէ տրուելիք քաղաքական յանդուգն որոշումներուն»:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ, թէ լիբանանցիները կը սպասեն, որ կառավարութիւնը բարեկարգումներու նախաձեռնութիւններու դիմէ` փոփոխութեան ենթարկելով բոլոր մարզերուն փտած կառուցուածքը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի 1 մարտին, Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան արտասանեց քարոզ մը` շեշտելով, թէ ընկերային եւ քաղաքական մակարդակի վրայ գործուած մեղքը բախումն է, թշնամանքը, փտածութիւնը, մսխումը, իշխանութիւնը օգտագործելով չարաշահումներ կատարելը, աւազակութիւնը, ինչպէս նաեւ ապօրինի հարստացումը:

Ունկնդրէ լուրը

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ քաղաքական այս յանցանքը կ՛առաջնորդէ տուեալ յանցագործներուն յոգնութեան, ինչպէս նաեւ երկիրը կը խրէ քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներու մէջ, «ինչ որ կը պարզէ Լիբանանի այսօրուան իրավիճակը», հաստատեց ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ, թէ լիբանանցիները կը սպասեն, որ կառավարութիւնը բարեկարգումներու նախաձեռնութիւններու դիմէ` փոփոխութեան ենթարկելով բոլոր մարզերուն փտած կառուցուածքը:

«Բոլորը կը սպասեն կառավարութեան կողմէ տրուելիք քաղաքական յանդուգն որոշումներուն, ինչպէս նաեւ կը յուսան, որ կառավարութիւնը Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներու նշանակումները կը կատարէ` ատակութեան հիման վրայ, որպէսզի արժանանայ ժողովուրդին վստահութեան», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց կառավարութիւնը` լիբանանեան ջուրերուն մէջ առաջին նաւթահորի պեղման աշխատանքի մեկնարկը կատարելուն համար` միաժամանակ մաղթելով, որ կարելի կ՛ըլլայ կառուցել ելեկտրակայաններ եւ լուծել երկրին ելեկտրականութեան տագնապին հարցը:

«Մենք կը հասկնանք կառավարութեան ծանր բեռը, սակայն կը մաղթենք նաեւ, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը աւելի լուրջ կերպով տարուի` ապահովելով լիբանանցիներուն առողջապահական անվտանգութիւնը», եզրափակեց ան:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2020, 11:05