«Խրիմեան Հայրիկ-200», «Ժանսեմ-100» արծաթէ եւ «Ժանսեմ-100» ոսկէ յուշադրամները: «Խրիմեան Հայրիկ-200», «Ժանսեմ-100» արծաթէ եւ «Ժանսեմ-100» ոսկէ յուշադրամները: 

Խրիմեան Հայրիկի եւ Ժանսեմի նուիրուած յուշադրամներ թողարկուած են:

Անուանական արժէքը 10 000 դրամ է, տպաքանակը` 300 հատ:

ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը թողարկած է «Խրիմեան Հայրիկ-200», «Ժանսեմ-100» արծաթէ եւ «Ժանսեմ-100» ոսկէ յուշադրամները:

Կեդրոնական դրամատունէն կը նշեն, որ 1000 դրամ անուանական արժէքով «Խրիմեան Հայրիկ-200» արծաթէ յուշադրամի դիմերեսին պատկերուած է Խրիմեան թանգարան-պատկերասրահի շէնքը, զարդանախշ` վարդեակ, «Երկաթէ շերեփ» յուշաղբիւրէն հատուած, Խրիմեան Հայրիկի պատգամը եւ ստորագրութիւնը: Դարձերեսին պատկերուած է Խրիմեան Հայրիկի դիմապատկերը: Յուշադրամի էսքիզներու հեղինակը Էդուարդ Կուրղինեանն է: Տպաքանակը՝ 500 հատ:

Ունկնդրէ լուրը

100 դրամ անուանական արժէքով արծաթէ «Ժանսեմ-100» յուշադրամի դիմերեսին պատկերուած է հատուած նկարիչին «Կակաչներ» կտաւէն: Դարձերեսին Ժանսեմի դիմանկարն է եւ հատուած նկարչի «Դեղին հագուստով կինը» կտաւէն: Էսքիզներու հեղինակը Լուսինէ Լալայեանն է: Յուշադրամի տպաքանակը՝ 500 հատ:

Ոսկէ «Ժանսեմ-100»-ի դիմերեսին դրուագ է պատկերուած նկարիչի «Դիմակներով կինը» կտաւէն, իսկ դարձերեսին Ժանսեմի դիմապատկերն է: Էսքիզներու հեղինակը Էդուարդ Կուրղինեանն է: Անուանական արժէքը 10 000 դրամ է, տպաքանակը` 300 հատ:

Յուշադրամները հատուած են Լիթվանիոյ դրամահատարանին մէջ:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2020, 08:40