Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան 

Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը դարձեալ կ՝օժանդակեն 500 լիբանանահայ ընտանիքներուն:

Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիքը՝ անգամ մը եւս նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ ապրող 500 կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Ռատիօ Վատիկան - Վատիկան Նիուզ

Լիբանանի մէջ ներկայ դժուար կացութեան ի տես եւ ընդառաջելով Արամ Ա Վեհափառ  հայրապետի յորդորին՝ օգտակար հանդիսանալու Լիբանանի մէջ կարիքաւոր ընտանիքներուն, Ազգային  բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը, անգամ մը եւս նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ ապրող 500 կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Այս մասին նշուած է Ազդակ օրաթերթին մէջ,  6 մարտ 2020ին լոյս տեսած Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին դիւանի, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի, Մ.Ա Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուԿեդրոնական-Մարմնի  միացեալ հաղորդագրութեան մէջ.

Ընդառաջելով  Արամ Ա Վեհափառ հայրապետի լիբանանահայ ունեւորներու ուղղուած հայրական կոչին՝ «մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատելու ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալը կարիքաւոր ընտանիքներուն»,Տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան անգամ մը եւս մեծագումար օժանդակութիւն տրամադրեցին, եւ այս անգմա 125 միլիոն լիբանանեան ոսկի նուիրեցին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ ապրող 500 կարիքաւոր ընտանիքներուն, իւրաքանչիւր ընտանիքին յատկացնելով 250 հազար լիբ-ոսկի:

Բարերար ընտանիքին նուիրուած գումարը հետեւեալ ձեւով պիտի յատկացուի լիբանանահայ համայնքի երեք յարանուանական կեդրոններուն:

-         75 միլիոն լիբ. Ոսկի՝ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին:

-         25 միլիոն լիբ. Ոսկի՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին:

-         25 միլիոն լիբ. Ոսկի՝ Հայ Աւետարանական համայնք Լիբանանի կեդրոնին:

Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ, վերոնշեալ երեք հայ համայնքները շնորհակալութիւն  յայտնած են ազնիւ բարերարներուն,  մաղթելով, որ այլ հայորդիներ եւս հետեւին անոնց բարի օրինակին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2020, 10:18