Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 

Հայաստանի մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին պարագան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի փոխանցումով, տղամարդը ինք դիմած է բժիշկի, ան հիմա լաւ վիճակի մէջ է: Ունէր ջերմութիւն, սակայն հիմա չունի:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Դիմատետրի վրայ տեղադրած գրառումով յայտնած է Հայաստանի տարածքին «Քորոնա» ժահրի առաջին հաստատուած դէպքին մասին:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մօտ երկու ժամ առաջ «Քորոնա» ժահրով հաստատուած դէպք ունեցանք` ցաւօք: Ժահրով վարակուածը Հայաստանի Հանրապետութեան 29 տարեկան քաղաքացի է, տղամարդ, որ կնոջ հետ օդանաւով հասած է 28 փետրուարին, Թեհրանէն», գրած է վարչապետը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի փոխանցումով, տղամարդը ինք դիմած է  բժիշկի, ան հիմա լաւ վիճակի մէջ է: Ունէր ջերմութիւն, սակայն հիմա չունի:

Վարչապետը նշած է, որ ժահրով վարակուածին հետ կապ կամ յարաբերութիւն ունեցած իւրաքանչիւր անձ պիտի առնուի հսկողութեան տակ:

Լուրը հաստատած է նաեւ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

Վարչապետը բնակչութեան դիմած է հանգստութիւն պահպանելու եւ միայն կառավարութեան ու պաշտօնական մարմիններու կողմէ տարածուող լուրերուն վստահելու կոչով` ընդգծելով, որ հարկ է կիրարկել ժահրի տարածումը կանխարգիլող Առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ խորհուրդ տրուող միջոցները:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2020, 08:20