Քովիտ19 ժահրը կը տարածուի Քովիտ19 ժահրը կը տարածուի 

«Քորոնա» Ժահրին պատճառով արտակարգ դրութիւններ եւ մեկուսացման քայլեր՝ աշխարհի տարածքին:

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով աշխարհի վրայ վարակուած են մօտաւորապէս 180,000 անձեր

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Ռոյթըրզ».-Աշխարհի վրայ նոր «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով մահացածներուն թիւը անցաւ 7000ը, երբ Սպանիա յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամերուն ընթացքին իր հողերուն վրայ ժահրին պատճառով արձանագրուեցան 105 մահեր, եւ յայտնաբերուեցան վարակման 2000 նոր պարագաներ, որոնց հետեւանքով երկիրը փակեց իր ցամաքային բոլոր անցքերը։ Իսկ Իտալիոյ մէջ, Երկուշաբթի օր արձանագրուեցան եւս 368 զոհեր։

Ընդհանուր առմամբ՝ աշխարհի վրայ վարակուած են մօտաւորապէս 180,000 անձեր եւ առաջին անգամ ըլլալով Չինաստանէն դուրս կան աւելի շատ վարակուածներ, քան ժահրին ծննդավայր Չինաստանի մէջ, ուր կացութիւնը կարելի եղած է հակակշիռի տակ առնել մօտաւորապէս երեք ամսուան պայքարէ ետք։

Յատկանշական է, որ Չինաստանէն Իտալիա մեկնած են 9 հոգիէ բաղկացած բժիշկներու խումբ մը, որ պիտի օժանդակէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին, կը հաղորդէ «Չայնա Մորնինկ Փոսթ»ը:

Բժիշկները Իտալիա հասած են Շանկհայէն: Անոնք իրենց հետ տարած են անհրաժեշտ բժշկական եւ պաշտպանական նիւթեր, ընդհանուր առմամբ՝ 30 թոն:

Չինաստան կը շարունակէ մնալ ամէնէն մեծաթիւ մահեր ունեցող երկիրը (3199), սակայն ժահրը սկսած է շատ արագ տարածուիլ Եւրոպայի մէջ, ուր արձանագրուած են առաւել քան 2000 մահեր, որոնց մեծ մասը՝ Իտալիոյ մէջ:

Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ուր արտակարգ դրութիւն հռչակցուեցաւ, կարգ մը նահանգներ սկսած են աւելի խիստ քայլերու դիմել՝ կոչ ընելով յատկապէս տարեցներուն, որ տունը մնան եւ փակելով հանրային վայրերը, ներառեալ ճաշարանները եւ արգիլելով 50էն աւելի մասնակից ունեցող հաւաքները։

Եւրոպական Միութիւնը եւս արգիլեց ոչ-կենսական բոլոր ճամբորդութիւնները, մինչ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շեշտեց, թէ երկրին մէջ համաճարակը նոր կը սկսի տարածուիլ։ «Ես կը խնդրեմ տարեցներէն եւ երկարատեւ հիւանդութիւններ ունեցողներէն տունը մնալ: Անշուշտ, անոնք կրնան դուրս ելլել, գնումներ ընել, սակայն պէտք է սահմանափակեն հաղորդակցութիւնները», ըսաւ Մաքրոն:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2020, 08:38