Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու հանդիպում Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու հանդիպում 

Քորոնա Ժահրի կանխարգիլման աշխատնքներուն նպաստելու նպատակով. Լիբանանահայութեան Հոգեւոր Պետերու հանդիպում

Հոգեւոր պետերը հաստատեցին, որ այս ճգնաժամային օրերուն միասնական ճիգերով պէտք է յաղթահարել դժուարութիւնները, առանց խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու։

Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ արք․ Փանոսեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս․ Ասատուրեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր․ դոկտ․ Փոլ Հայտոսթեան, այսօր, հինգշաբթի, 19 մարտ 2020-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, հանդիպում մը ունեցան՝ քննարկելու քորոնա ժահրի ստեղծած կացութիւնը։

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը հանդիսացաւ փոխադարձ գործակցութեամբ սերտելու գործնական կարելիութիւնները նախազգուշական աշխատանքներ իրականացնելու համայնքներուն մէջ։ Հոգեւոր պետերը հաստատեցին, որ այս ճգնաժամային օրերուն միասնական ճիգերով պէտք է յաղթահարել դժուարութիւնները, առանց խուճապային մթնոլորտ ստեղծելու։ Անոնք կոչ ուղղեցին խստօրէն հետեւելու պետութեան պաշտօնական յայտարարութիւններուն եւ թելադրանքներուն:

Անոնք յայտնեցին, որ քորոնա ժահրին տարածումը կանխարգիլող ծրագիրներով ու հայորդիներու գործնական մասնակցութեամբ եւ հաւաքական աղօթքով լիբանանահայու-թիւնը վստահաբար պիտի յաղթահարէ այս տագնապը։

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2020, 08:23