Քորոնա ժահրի քննութիւն Քորոնա ժահրի քննութիւն 

Չինաստանի մէջ մէկ օրուան մէջ ժահրի ներքին փոխանցման պարագայ չէ արձանագրուած։

Մէկ օր առաջ համաճարակի կեդրոն դարձած Ուհան քաղաքին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման ոչ մէկ դէպք արձանագրուած էր:

Չինաստանի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի համաճարակի բռնկումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով մէկ օրուան մէջ «Քովիտ-19»-ի ներքին փոխանցման եւ վարակման որեւէ դէպք չէ արձանագրուած, ինչ որ ժահրին դէմ պայքարի գործին մէջ հսկայական քայլ է:

Չինաստանի Ազգային առողջապահական գործակալութիւնը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակման 34 նոր դէպքեր կան, սակայն նշեց, որ անոնք բոլորն ալ վերջերս արտասահմանէն վերադարձած են Չինաստան:

Նշենք, որ մէկ օր առաջ համաճարակի կեդրոն դարձած Ուհան քաղաքին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման ոչ մէկ դէպք արձանագրուած էր:

Մինչ այդ, Իրանի առողջապահութեան նախարարութեան բանբերը յայտարարեց, որ Իրանի մէջ իւրաքանչիւր ժամ 50 հոգի կը վարակուին «Քորոնա» ժահրով, իսկ իւրաքանչիւր 10 վայրկեանը անգամ մը կ՛արձանագրուի մահ մը:

«Երկիրը հսկայական վնասներ պիտի կրէ, եթէ կարելի չըլլայ երկու շաբթուան ընթացքին վերահսկողութեան տակ առնել համաճարակը», ընդգծեց բանբերը:

Ան իրանցիներուն կոչ ուղղեց նկատի ունենալու այս տեղեկութիւնները եւ անոնց յորդորեց` Նովրուզի տօնին ընթացքին ճամբորդելու կամ տեղափոխուելու վերաբերեալ ողջամիտ որոշում տալ:

Իրանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 18407-ի, իսկ մահացածներուն թիւը` 1284-ի:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ երէկ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:

Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց, որ 26-27 մարտին նախատեսուած եւրոպական վեհաժողովը յետաձգուած է:

Թուրքիոյ եւ Մորիսիոսի մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրին պատճառով մահուան առաջին երեք պարագաները, մահուան առաջին պարագաներ արձանագրուեցան նաեւ Ժամայքայի, Քոսթա Ռիքայի, Մեքսիքայի եւ Ռուսիոյ մէջ: Սպանիոյ մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 767-ի, իսկ վարակուածներուն թիւը` աւելի քան 17 հազարի: Գերմանիոյ մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 38-ի, իսկ վարակուածներուն թիւը` 13200-ի, Զուիցերիոյ մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 33-ի, իսկ վարակուածներունը` 3888-ի, Ալճերիոյ մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 9-ի, իսկ վարակուածներուն թիւը` 75-ի:

Մինչ Սալվատորի եւ Նիքարակուայի մէջ արձանագրուեցան վարակման առաջին պարագաները, Հարաւային Քորէայի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 8565-ի, Նետերլանտներուն մէջ` 2460-ի, Իսրայէլի մէջ` 529-ի, Ռուսիոյ մէջ` 199-ի, Հնդկաստանի մէջ` 197-ի, Իրաքի մէջ` 117-ի, Մարոքի մէջ` 58-ի, Վրաստանի մէջ` 40-ի, իսկ Ուզպեքիստանի մէջ` 23-ի:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2020, 08:27