Հալէպի «Քրիստափոր» գրադարանի 100ամեակի նշում: Հալէպի «Քրիստափոր» գրադարանի 100ամեակի նշում: 

Հալէպի «Քրիստափոր» գրադարանի 100ամեակի նշում:

Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ եպս. Զօպուեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան, Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Պատկան մարմինի, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ «Քրիստափոր» գրադարանի վարչութեան, Կիրակի, 1 Մարտին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ, հանդիսութեամբ եւ ցուցահանդէս վաճառքով յիշատակուեցաւ «Քրիստափոր» գրադարանին 100ամեակը:

Ունկնդրէ լուրը

Ձեռնարկին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ եպս. Զօպուեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Կոմիտաս քհնյ. Տատաղլեան, Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, Պատկան մարմինի, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Ձեռնարկին մասնակցողները դիմաւորուեցան Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչական կազմէն Ռուզան Պարսումեանի (դաշնամուր) եւ Նայիրի Նագաշեան-Մինասեանի (ֆլիւթ) հաճելի նուագով: Անոնք հայկական մեղեդիներով ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեցին սրահին մէջ:

Ցուցահանդէսին բացումով, ներկաները այցելեցին անոր զանազան բաժինները, բացատրութիւն լսելով վարչութեան ատենապետէն։ Ցուցահանդէսը հարուստ էր զանազան գրողներու եւ տարբեր թուականներու լոյս տեսած ընտիր ու հետաքրքրական գիրքերով, որոնցմէ բաժին մը արդէն իսկ գիրքին հեղինակին կողմէ մակագրուած ու նուիրուած էր գրադարանին։ Ապա հանդիսավարը հրաւիրեց համայնքապետները, հիւպատոսը եւ Պատկան մարմինի ներկայացուցիչը՝ բացումը կատարելու «Քրիստափոր» գրադարանին 100ամեակին առիթով Քրիստափոր Միքայէլեանի նոր պատրաստուած կիսանդրիին, որուն հեղինակն է քանդակագործ Վարդգէս Պարսումեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ գրադարանի վարչութեան անդամ Սարին Խալոյեան, որ հակիրճ բացատրութիւն մը տալով «Քրիստափոր» գրադարանի 1919-2019՝ 100 տարիներու վրայ երկարող աշխատանքին ու առաքելութեան մասին՝ յայտնեց, որ գրադարանը զանազան կեդրոններու մէջ գործած է, նախ Ճտէյտիէի, ապա Թիլէլի ակումբներուն, իսկ ներկայիս «Լ. Շանթ» սրահին կից: Անոր աշխատանքը շարունակուած է տարիներու ընթացքին, շնորհիւ անոր շուրջ համախմբուած երիտասարդներու: Գրադարանի վարչութիւնը համայնքի զաւակներուն մէջ գիրքի հանդէպ հետաքրքրութիւն ստեղծելու համար աշակերտներու յատուկ ծրագիրներ իրագործած է վերջին տարիներուն, ինչպէս՝ «Պատմենք Միասին» եւ ընթերցանութեան եւ ուղղագրութեան մրցումներ:

Ներկաները այնուհետեւ դիտեցին Գրադարանի 100ամեայ գործունէութեան մասին պատմող կարճ տեսագրութիւն մը:

Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ Հայ Լեզուի» քերթուածը ասմունքեց Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան:

Ապա խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Յակոբ Ալապոզանեան: Ան յայտնեց որ «Քրիստափոր» գրադարանը Հալէպ հասած է տարագրութեան օրերուն, Այնթապէն, ապա մէջբերեց «Պատմութիւն Այնթապի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան» գիրքէն «Քրիստափոր» գրադարանին վերաբերող հետեւեալ տողերը. «Անհատներու քով մնացած 17 հատոր գիրքերով հիմնադրեցինք «Քրիստափոր» գրադարանը»: Ալապոզանեան լուսարձակի տակ առաւ գրադարանին վերջին տարիներու ծառայութիւնը։

Յայտագիրին ամենատպաւորիչ բաժինը ընթերցասէր աշակերտներու տեսագրուած խօսքերն էին: Աշակերտներ, որոնք մասնակցած էին գրադարանի վարչութեան ձեռնարկներուն, կը հաստատէին, որ շատ բան սորված են առնչուելով գիրքի լոյսին ու իմաստին հետ:

Օրուան բանախօսն էր հրապարակագիր Աւօ Գաթրճեան: Ան նախ անդրադարձաւ գիրքին անփոխարինելի դերին մարդ անհատի կազմաւորման գործընթացին մէջ, ապա յայտնեց, որ ««Քրիստափոր» անուանումը երբեք պատահական չէ եւ իր մէջ կ՛ամփոփէ խորիմաստ գաղափարներ: Գրադարանին անունը տրուած է ի յիշատակ հայ հասարակական, քաղաքական գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի»:

Գաթրճեան համառօտ կերպով անդրադարձաւ հայութեան կեանքին մէջ, Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի, գրադարաններու հիմնադրութեան եւ կարեւորութեան, գիրք նուիրելու օրուան խորհուրդին, ապա լուսարձակի տակ առաւ «Քրիստափոր» գրադարանի 100ամեայ բեղուն գործունէութիւնը:

Այս առիթով վարչութիւնը գրադարանի 100ամեակը խորհրդանշող յուշանուէրներ յանձնեց համայնքապետներուն, Հայաստանի հիւպատոսին, Պատկան մարմինի ներկայացուցիչին, օրուան բանախօսին եւ քանդակագործ Վարդգէս Պարսումեանին:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը: Սրբազան հայրը այս երեկոն առիթ սեպեց յարգելու մեր մէջ գիրքին հանդէպ սէր սերմանողներուն յիշատակը: Ան ըսաւ. ««Քրիստափոր» անունը կրելով՝ այս գրադարանը իր աւանդական պարտականութեան կողքին մշտական մարտահրաւէր մը կ՛ուղղէ սերունդներուն՝ ապրումով, հաւատարմութեամբ եւ իմաստութեամբ շարունակելու հայ գիրքը պաշտպանելու նուիրական առաքելութիւնը»:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Քաղուած «Գանձասար» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2020, 09:25