Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ֆրանչիսկոս Պապ - Հայաստան 2016 Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ֆրանչիսկոս Պապ - Հայաստան 2016 

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին

ՀՀ Նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթած է քաջառողջութիւն, յաջողութիւն եւ կորով՝ երկար տարիներ առաջնորդելու Տիեզերական եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ  ընտրուելու 7-րդ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է որուն մէջ ան նշած է՝որ «հայերուն կապերը եւ առնչութիւնները Վատիկանի հետ ունին հազարամեակներու պատմութիւն, իսկ ներկայիս Հայաստան-Վատիկան միջպետական յարաբերութիւնները կը շարունակուին ներդաշնակօրէն զարգանալ»:

Ունկնդրէ լուրը

Նախագահ Սարգսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է աշխարհի մէջ խաղաղութեան, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան հաստատման, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սուրբ Աթոռ միջպետական յարաբերութիւններու հզօրացման առումով Պապին անվերապահ դիրքորոշման համար:

ՀՀ Նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթած է քաջառողջութիւն, յաջողութիւն եւ կորով՝ երկար տարիներ առաջնորդելու Տիեզերական եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2020, 12:00