Ժողովէն առնուած լուսանկար Ժողովէն առնուած լուսանկար 

«Երիտասարդները յանուն բարենպաստ կլիմայի» (2019-2022) ծրագիրը Երեւանի մէջ:

Կլիմայի փոփոխութիւնները արդէն տեսանելի են նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ ջուրը տարուէ տարի կը դառնայ աւելի կարեւոր միջոց։

Աւստրիական զարգացման համագործակցութեան աջակցութեամբ, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան, ՀՀ շրջակայ միջավայրի, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւններուն հետ համատեղ՝ UNISEF-ը այսօր ազդարարած է «Երիտասարդները յանուն բարենպաստ կլիմայի» ծրագրի սկիզբը։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութենէն:

Ունկնդրէ լուրը

ՄԱԿ-ի Հայաստանի գրասենեակին մէջ ծրագրի սկիզբի պաշտօնական արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան: ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփը կարեւոր համարած է կառավարութեան մասնակցութիւնը ծրագրի իրականացման եւ իր խօսքին մէջ նշած է, որ կլիմայի փոփոխման աղէտներուն դիմակայելու համար գործընկերներու հետ պէտք է մշակել նորարական լուծումներ, որ Կայուն զարգացման նպատակներէն մէկն է:

ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան, ողջունելով ներկաները, նշած է, որ Հանրակրթութեան պետական չափորոշիչներու եւ ռազմավարութեան վերանայման փուլին առաջնային խնդիրներէն է կրթել այնպիսի սերունդ, որ դպրոցը աւարտող աշակերտը ունենայ նաեւ կլիմայի փոփոխութիւններու հետեւանքով հնարաւոր աղէտներու մեղմացման, վտանգի նուազեցման նպաստող կարողունակութիւններ եւ համապատասխան գիտելիք: «Քանի որ այս ծաւալի ծրագիրը կը ներառէ դպրոցներու շուրջ մէկ երրորդը եւ երեխաները ինքնուրոյն պէտք է ծրագրեր իրականացնեն՝ ըլլալով պայքարի առաջամարտիկները, ատիկա արդէն իսկ կը նշանակէ, որ անոնք ձեռք կը բերեն համագործակցութեամբ աշխատելու, ծրագրեր մշակելու հմտութիւններ, որ եւս հանրակրթութեան առաջնահերթ խնդիրներէն է: Կ՝ակնկալենք շահագրգիռ գործընեկերութիւն»,- ըսած է նախարարի տեղակալ Ա. Մարտիրոսեան:

ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարի տեղակալ Իրինա Ղափլանեան, իր հերթին, արձանագրած է, որ կլիմայի փոփոխութիւնները արդէն տեսանելի են նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ ջուրը տարուէ տարի կը դառնայ աւելի կարեւոր միջոց։ «Եկող տարի պիտի իրականացնենք շատ մեծ ու յաւակնոտ ծրագիր. եկող տարի Հայաստանի մէջ պիտի տնկուի 10 միլիոն ծառ, եւ կարեւոր է, որ այդ նախաձեռնութեան միանան երիտասարդները»,- ըսած է ան։

Ծրագրի ծիրէն ներս UNISEF-ը պիտի համագործակցի Հայաստանի Հանրապետութեան 52 խոշորացուած համայնքներու հետ՝ 28,000 երիտասարդ աղջիկներու եւ տղոց կլիմայի փոփոխութեան մասին կրթութիւն տալով, աշխատելով 2470 ուսուցիչներու եւ դպրոցներու վարչակազմի հետ՝ դպրոցներու ուսումնական ծրագրերու բարելաւման եւ ուսումնական նիւթերու մշակման ուղղութեամբ։ Կը նախատեսուի համագործակցութիւն 530 տարածքային վարչական մարմիններու եւ տեղական կառավարման ներկայացուցիչներու հետ, որոնք պիտի ներգրաւուին կլիմայի փոփոխութեան մեղմելուն համայնքային ծրագրերու եւ պիւտճէներու մէջ։

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/03/2020, 08:10