Քորոնա Ժահրի կանխարգիլում Քորոնա Ժահրի կանխարգիլում 

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 13-ի։

Փաշինեան կոչ ուղղեց չկազմակերպելու զանգուածային ձեռնարկներ, իսկ հիւանդութեան ախտանշաններ ունեցող մարդոց` հեռու մնալու հաւաքական վայրերէ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ 1 մարտին Ծաղկաձորի «Կոլտըն Փալաս» հիւրանոցին մէջ մեկուսացուած 31 քաղաքացիներէն 28-ի քննութեան արդիւնքը ժխտական եղած է: Այսպիսով վարակուածներու թիւը կը բարձրանայ 13-ի:

Աւելի կանուխ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան դիմատետրի իր էջով տեղեկութիւններ փոխանցեց «Քորոնա» ժահրին եւ Հայաստանի իրավիճակին մասին:

«Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման հարցերու յանձնախումբի նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ըսաւ, որ Հայաստանի սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակ դիմած են Իրան բնակող, Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող հայեր` Հայաստան տեղափոխուելու համար, աւելցնելով, թէ պետութիւնը կը փորձէ անոնց օգնելու ձեւաչափ գտնել:

Իսկ Հայաստանի կրթական հաստատութիւններու հարցով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 մարտին դիմատետրի իր էջով յայտարարեց, որ բոլոր ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ դասերը կանգ պիտի առնեն մինչեւ 23 մարտ` Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու համար: Ան աւելցուց, որ 18-19 մարտին անդրադարձ պիտի կատարուի այս նիւթին, որմէ ետք ալ, անհրաժեշտութեան պարագային, դպրոցներու փակումը պիտի երկարաձգուի:

Փաշինեան կոչ ուղղեց նաեւ չկազմակերպելու զանգուածային ձեռնարկներ, իսկ հիւանդութեան ախտանշաններ ունեցող մարդոց` հեռու մնալու հաւաքական վայրերէ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2020, 09:33