Քորոնա Ժահր Քորոնա Ժահր 

Մասնագէտները Հայաստան ժամանողներուն կը յորդորեն հետեւիլ ինքնամեկուսացման ցուցմունքներուն:

Սահմաններուն վրայ կը շարունակուի խիստ վերահսկողութիւնը: Արտերկրէն ժամանողները սահմանային բոլոր անցման կէտերուն վրայ կը ջերմաչափուին, խնդիրներու պարագային կը տեղափոխուին համապատասխան բժշկական հաստատութիւններ:

Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրով վարակուած անձերու հետ շփման ամբողջ շրջանակը յայտնաբերուած է եւ մեկուսացուած: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ՀՀ ԱՆ Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի վարակիչ հիւանդութիւններու համաճարակաբանութեան բաժնի պետ Լիանա Թորոսեան:

«Շփման մէջ եղողները կը մեկուսացուին, անոնք կը գտնուին 14-օրեայ հսկողութեան տակ՝ առանձին շինութեան մէջ: Սահմաններուն վրայ կը շարունակուի խիստ վերահսկողութիւնը: Արտերկրէն ժամանողները սահմանային բոլոր անցման կէտերուն վրայ կը ջերմաչափուին, խնդիրներու պարագային կը տեղափոխուին համապատասխան բժշկական հաստատութիւններ: Եթէ ախտանշանները բացակայ են՝ կը մեկուսացուին տան պայմաններու մէջ»,- նշած է  Լիանա Թորոսեան:

Ան յորդորած է Հայաստան վերադարձողներուն ականջալուր ըլլալ, հետամուտ ըլլալ առողջապահական մարմիններու խորհուրդներուն:

«Ինքնամեկուսացում ըսուածը ինքնանպատակ չէ, անիկա նախատեսուած է տուեալ անձի առողջական վիճակի վերահսկողութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ միջավայրը առաւել անվտանգ դարձնելու համար»,- ըսած է ան:

Լիանա Թորոսեան ընդգծած է, որ հնարաւոր բոլոր քայլերը կ՝իրականացուին թէ՛ հնարաւոր դէպքերը արագ յայտնաբերելու, թէ՛ բժշկական օգնութիւնը պատշաճ կարգով կազմակերպելու համար:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած է նոր պսակաւոր ժահրի 2 նոր դէպք: Այդ մասին Մարտ 12-ին տեղեկացուցած էր Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2020, 09:15