Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեան անուան վարժարան Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեան անուան վարժարան 

Իտալիայէն ժամանածները առանձնացուած են Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան վարժարանին մէջ։

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։

Իտալիայէն յատուկ թռիչքով ժամանած ՀՀ քաղաքացիները մեկուսացուած են Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի տարածքին, որ ունի առանձնացուած ենթակառուցուածքներ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։

«Մեկնելով ՀՀ բնակչութեան համաճարակային անվտանգութեան ապահովման մասին ՀՀ օրէնքի 8-րդ յօդուածէն, որ կը սահամանէ պետական եւ տեղական ինքակառավարման մարմիններու լիազօրութիւնները բնակչութեան համաճարակային անվտանգութեան ապահովման բնագաւառէն ներս, ՊՆ-ն կառավարութեան կողմէ լիազօրուած է համակարգելու, օգտագործելու իր բոլոր ենթակառուցուածքներն ու միջոցները մաքրութեան եւ համաճարակային միջոցառումներու կազմակերպման եւ բնակչութեան, առաջին հերթին զինծառայողներու, համաճարակային անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Ըստ անհրաժեշտութեան, ՊՆ-ն, պետական գերատեսչութիւններու հետ համագործակցելով, իր ամբողջ ներուժն ու ենթակառուցուածները ի սպաս պիտի դնէ պսակաւոր ժահրի կանխարգիլման եւ վերացման համար: Միաժամանակ կը տեղեկացնեմ, որ ուսուցման կազմակերպման գործընթացին վրայ այս որոշումը որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ: Վարժարանի տարածքը կանխարգելիչ քայլերէն ետք պիտի ախտահանուի»,- գրած է Շուշան Ստեփանեան:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/03/2020, 11:04