Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան  

«Յստակ ռազմավարութիւն, կարգապահութիւն». Նախագահին խօսքը՝ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած իրավիճակին գծով

Շատ կարեւոր սկզբունքը հետեւեալն է՝ մենք բոլորս պէտք է լինենք կազմակերպուած եւ կարգապահ, շատ աւելին, քան եղել ենք մինչ այսօր: Պայքարի հիմնական ձեւը կազմակերպուած, կարգապահ յարաբերութիւններն են: Քանի որ չկայ հակավիրուս, չկայ դեղ, որը կարելի է օգտագործել, շատ յստակ պայքարի ձեւ կայ՝ նուազագոյնի բերել մարդկային շփումները:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան արտակարգ դրութիւն յայտարարելու որոշումը՝ զայն նկատելով Հայաստանի համար շատ լուրջ մարտահրաւէր։

Դիտել տալով, որ այս մարտահրաւէրը միայն Հայաստանինը չէ, այլ ամբողջ աշխարհինը՝ նախագահը անդրադարձաւ «Քորոնա»ի դէմ պայքարի հիմնական սկզբունքներուն.

«Սկզբունքներից առաջինը՝ կառավարութիւնը, մեզանից իւրաքանչիւրը, պետութիւնը պէտք է ունենայ յստակ ռազմավարութիւն, թէ ինչպէս է պայքարելու վիրուսի (ժահրին-Խմբ.) դէմ, պետական կառոյցները, գործարարները, հասարակական կազմակերպութիւններն իրենց ծրագիրը պէտք է ունենան:

«Երկրորդ շատ կարեւոր սկզբունքը հետեւեալն է՝ մենք բոլորս պէտք է լինենք կազմակերպուած եւ կարգապահ, շատ աւելին, քան եղել ենք մինչ այսօր: Պայքարի հիմնական ձեւը կազմակերպուած, կարգապահ յարաբերութիւններն են: Քանի որ չկայ հակավիրուս, չկայ դեղ, որը կարելի է օգտագործել, շատ յստակ պայքարի ձեւ կայ՝ նուազագոյնի բերել մարդկային շփումները: Վիրուսային հիւանդութիւնները յաղթահարելի են ժամանակի մէջ, տարածութեան մէջ, կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) վայրում: Ի հարկէ, այդ մարտահրաւէրը վտանգաւոր է: Այսօր ես, մասնաւորապէս, շատ անհանգիստ եմ մեր տարեց հայրենակիցների առողջութեան համար, քանի որ նրանք խոցելի են, եւ նաեւ նրանց համար, որոնք այս կամ այն պատճառով առողջական խնդիրներ ունեն: Սակայն, կրկնում եմ. յաղթահարելու համար պէտք է ե՛ւ յստակ ռազմավարութիւն, ե՛ւ յստակ կազմակերպուածութիւն, ե՛ւ կարգապահութիւն: Մանաւանդ հիմա յայտարարուել է արտակարգ դրութիւն: Հետեւաբար, կան կանոններ, որոնց պէտք է ենթարկուել, եւ կանոններ, որոնք պէտք է պահպանել՝ նախ եւ առաջ, ձեր սեփական առողջութեան համար, ձեր հարազատների եւ մեր ողջ հասարակութեան, ժողովրդի առողջութեան համար:

«Եւ վերջապէս երրորդը, որը կարծում եմ շատ պարզ է եւ խորիմաստ. այն կոչւում է պատասխանատուութիւն, պատասխանատուութիւն բոլորիս համար: Լինել պատասխանատու՝ սկսած Հանրապետութեան նախագահից, կառավարութիւնից, Ազգային ժողովից, հասարակական կազմակերպութիւններից մինչեւ քաղաքական կազմակերպութիւններ, գործարարներ, տնտեսութիւն վարող անձինք, մեզնից իւրաքանչիւրը… Ժամանակն է, որ մենք ոչ միայն ուշադրութեամբ հետեւենք «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին, այլեւ վերլուծենք համաշխարհային ընթացքը», յայտնեց ան։

Նախագահը յիշեց, որ այս մասին զրուցած է նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնին հետ։ Եզրափակելով՝ Արմէն Սարգսեան առողջութիւն, հանգստութիւն եւ վստահութիւն մաղթեց բոլորին ու յատուկ շնորհակալութիւն՝ առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներուն, բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, առողջապահութեան կազմակերպիչներուն, որոնք կը կատարեն պետական, ազգային եւ մարդկային պարտականութիւն։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2020, 13:52