Երեւան Երեւան 

Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի՝ «Քորոնա»ի դէմ պայքարին:

Եւրոպական յանձնաժողովը կը սատարէ Արեւելեան գործընկեր երկիրներուն եւ կը վերաբաշխէ 140 միլիոն եուրօ աջակցութիւն, նաեւ Հայաստանի առաւել անմիջական կարիքներու արձագանգման համար

«Քորոնա» ժահրի համավարակին վերաբերող համաշխարհային արձագանգման գործողութիւններու ծիրին մէջ, Եւրոպական յանձնաժողովը կը սատարէ Արեւելեան գործընկեր երկիրներուն եւ կը վերաբաշխէ 140 միլիոն եուրօ աջակցութիւն, նաեւ Հայաստանի առաւել անմիջական կարիքներու արձագանգման համար:

Այս մասին յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան գրասենեակը։

Բացի այդ, յանձնաժողովը պիտի վերաձեւակերպէ մինչեւ 700 միլիոն եուրօ արժողութեամբ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ կիրարկուող ֆինանսաւորման գործիքներու նպատակայնութիւնը` ուղղելով զանոնք ի նպաստ «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած ճգնաժամի ընկերային-տնտեսական վնասներու մեղմացման:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2020, 09:30