Որոնել

ՄԱԿ-ի փրկարական թռիչք ՄԱԿ-ի փրկարական թռիչք 

Եմէն. ՄԱԿ-ի առաջին փրկարական թռիչքը՝ քաղցկեղով հիւանդները փոխադրելու համար:

Փրկարական թռիչքով դէպի Յորդանան եւ Եգիպտոս փոխադրուած են 8 քաղցքեղով հիւանդներ:

ՄԱԿ-ի փրկարական թռիչք մը  Եմենէն 8  քաղցկեղով հիւանդ քաղաքացիներ փոխադրած է  Եգիպտոս եւ Յորդանան: Հիւանդներու մեծամասնութիւն կիներ եւ մանուկներն են:

Ունկնդրէ լուրը

Երկար տարիներէ ի վեր  Եմէնի մէջ տիրող քաղաքական ծանր տագնապի լոյսիմ տակ, վերոնշեալ մարդասիրական արարքը,  յոյսի նշան հանդիսացաւ  եւ լուսարձակի տակ առաւ ստէպ մոռցուած վայր մը, որուն մասին Ֆրանչիսկսոս Պապ յաճախ կոչ ուղղած է օգնութեան փութալու տառապող անմեղ Ժողովուրդին

Նշենք, որ տարիներէ ի վեր քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով, Եմէնի մէջ աւելի քան 70000 անձ մահացած են եւ միլիոնաւոր մարդիկ տեղահանուած  :

Յայտնենք նաեւ,  որ ֆրանչիսկոս Պապ բազմիցս անգամ կոչ ըրած է  Եմէնի  ի սպաս,  խնդրելով որ օգնութեան հասնինք տառապող ժողովուրդին  եւ լուսարձակի տակ առնել մարդկութեան կողմէ մոռցուած այդ երկիրը:

«Եմէնի ժողովուրդը սպառած է հակամարտութիւններէն  եւ անթիւ մանուկներ կը տառապին անօթութենէն, անոնց  աղաղակը  Աստուծոյ մօտ բարձրացաւ»  Ըսած է ֆրանչիսկոս Պապ Եմէնի  ի սպաս կոչին մէջ:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2020, 12:44