Որոնել

Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայաստանը աշխարհի ամենաարագ աճող զբօսաշրջային ուղղութիւններէն է․ UNWTO

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը զբօսաշրջութեան աճի ցանկին վրայ ետ մնացած են Հայաստանէն՝ զբաղցնելով համապատասխանաբար 13-րդ եւ 17-րդ տեղերը՝ 14 եւ 11․4 տոկոս աճով։

Հայաստանը դարձած է աշխարհի ամենաարագ աճող զբօսաշրջական ուղղութիւններէն մէկը՝ ՄԱԿ-ի զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն։ Վկայակոչելով UNWTO-ի «Զբօսաշրջային ծանրաչափ»-ի տուեալները՝ Armenpress.am-ը կը հաղորդէ՝ թէ ամենաարագ զարգացող ուղղութիւններու շարքին Հայաստանը 12-րդն է՝  14․4 տոկոս աճով։

Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան զեկոյցին համաձայն, ամենամեծ աճը արձանագրած է Միանման՝ 40․2 տոկոս։ Հարեւաններէն միայն Իրանը գերազանցած է Հայաստանին՝ զբօսաշրջութեան աճով, աշխարհի մէջ գրաւելով երրորդ տեղը՝ 27․9 տոկոս աճով։ ԵԱՏՄ պետութիւններուն մէջ Հայաստանը անվիճելի առաջատարն է, որուն կը յաջորդէ միայն Ղազախստանը (20-րդ տեղ՝ 10 տոկոս աճով)։

Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը զբօսաշրջութեան աճի ցանկին վրայ ետ մնացած են Հայաստանէն՝ զբաղցնելով համապատասխանաբար 13-րդ եւ 17-րդ տեղերը՝ 14 եւ 11․4 տոկոս աճով։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2020, 08:56