Անթիլիասէն երիտասարդ միաբան հայրեր Անթիլիասէն երիտասարդ միաբան հայրեր 

Անթիլիասէն երեք երիտասարդ միաբան հայրեր մեկնեցան Վատիկան

Հանդիպում Վատիկանի միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրով:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ երեք երիտասարդ միաբան հայրեր՝ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս Վրդ. Սաղտճեան (առաջնորդական փոխանորդ Հիւսիսային Յունաստանի), Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ Շէրնէզեան (տեսուչ «Կիլիկիա» Թանգարանի), Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան(վարիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին), մեկնեցանՎատիկան՝ընդառաջելով Վատիկանի միջ-քրիստոնէական յարաբերութեանց բաժանմունքի հրաւէրին: Հայր սուրբերուն պիտի միանայ Հռոմի մէջ ուսանող Հոգշ. Տ. Պսակ Վրդ. Թէփիրճեան:

Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ տեղի ունեցող աստուծաբանական յանձնախումբը որոշած էր, որ յաջորդաբար Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներ կազմակերպեն փոխադարձ այցելութիւններ իրենց երիտասարդ հոգեւորականներու, որպէսզի աւելի մօտէն ու ամբողջական կերպով ճանչնան զիրար: Հետեւաբար, արեւելեան եկեղեցական ընտանիքին պատկանող իւրաքանչիւր եկեղեցիէն երեք երիտասարդ հոգեւորականներ յառաջիկայ 10 օրերու ընթացքին Վատիկանի մէջ այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ճամբով առիթը պիտի ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու Վատիկանի աշխատանքներուն ու Կաթոլիղկէ եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:

Քաղուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կայքէջէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2020, 08:00