Եռագոյնը Եռագոյնը 

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքին գումարը անցած Է 11 միլիոն տոլարը

2019ի Դեկտեմբերի սկիզբը նուիրատուութիւնները աւելցած են 920,138 տոլարով: Խոստումներուն մեծ մասը արդէն իսկ փոխանցուած է հիմնադրամին եւ ցանցի տեղական մարմիններու հաշիւներուն:

ԵՐԵՒԱՆ.- 14 Փետրուար թուակիր հաղորդագրութեամբ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ անցեալ տարուան պատկեասփռուած դրամահաւաքէն (հեռուստամարաթոն) գրեթէ երեք ամիս ետք կը շարունակուի նուիրատուութիւններու հոսքը, որուն իբրեւ արդիւնք արդէն իսկ հաւաքուած գումարը հասած է 11,155,985 տոլարի։

«2019ի Դեկտեմբերի սկիզբը նուիրատուութիւնները աւելցած են 920,138 տոլարով: Խոստումներուն մեծ մասը արդէն իսկ փոխանցուած է հիմնադրամին եւ ցանցի տեղական մարմիններու հաշիւներուն:

«Այս տարի աննախադէպ թիւով մարդիկ մասնակցեցան համահայկական դրամահաւաքին. միայն Հայաստանէն եւ Արցախէն շուրջ 10,000 անհատներ եւ կազմակերպութիւններ մասնակցութիւն բերած են: Եթէ նկատի առնենք, որ ներգրաւուած կազմակերպութիւնները քանի անձեր կը ներկայացնեն, մասնակցողներուն թիւը շատ աւելին է: Սփիւռքի մասնակցութիւնը, մօտաւոր գնահատականներով շուրջ 25,000 է: Ըստ հիմնադրամին նոր ռազմավարութեան՝ ընդգծուած կարեւորութիւն կը տրուի մասնակցութեան, ուրեմն այս տարուան արձանագրուած ցուցանիշը առանձնապէս ոգեւորիչ է: Շնորհակալ ենք հիմնադրամին բոլոր նուիրատուներուն: Միասնական ջանքերով է, որ կը կերտենք աւելի ուժեղ հայրենիք:

«Միայն առցանց նուիրատուութիւններով՝ հիմնադրամին ցանցը արդէն ունի շուրջ 5000 առցանց նուիրատուններ (որոնցմէ 1550ը Լոս Անճելըսի տեղական մարմինին կայքով), որոնք միասին մէկ տարուան մէջ կը գոյացնեն 560,000 տոլար: Անկէ 1938ը միացած են պարբերական վճարման համակարգին (#Մէկբաժակսուրճ):

«#ArmeniaFundChallenge-ին միացած էին շարք մը հանրային գործիչներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Անոնց մէջ էին՝ Հայաստանի վարչապետը, խորհրդարանի նախագահը եւ փոխնագահները, Սերժ Թանքեան, Ալեքսիս Օհանեան, Էրիք Էսրաելեան, Վահէ Պէրպէրեան,  Իվետա Մուկուչեան, Խորէն Լեւոնեան եւ այլք: «Ես իմ անուշ Հայաստանի. կենարար արեւ ու ջուր համայնքներուն» կարգախօսին հաւատարիմ՝ հաւաքուած գումարները հիմնականօրէն պիտի յատկացուին խմելու ջուրի հասանելիութեան եւ արեւային վահանակներու տեղադրման՝ Արցախի եւ Հայաստանի որոշ համայնքներու մէջ», կը գրէ հիմնադրամը:

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին առաքելութիւնը համահայկական ցանցային համակարգի ձեւաւորումն է, որուն նպատակը Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներու համաչափ, կայուն եւ փոխկապակցուած զարգացման ապահովումն է՝ հիմնուելով ընդհանուր ինքնութեան վրայ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2020, 09:26