Որոնել

Գաղթական մանուկներ Գաղթական մանուկներ 

ՄԱԿ-ի մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակը կը դատապարտէ Սուրիոյ մէջ դպրոցներու դէմ կատարուած յարձակումները:

Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ բախումներուն պատճառաւ աւելի քան 500 հազար մանուկներ ստիպուած եղան գաղթելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ի մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակի, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանի ներկայացուցիչը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ Սուրիոյ  մէջ «անգամ մը եւս ականատես եղանք, շարք մը ահռելի բռնութիւններուն,որոնց հետեւանքով Սուրիոյ մէջ մահացած են 12 մանուկներ եւ ուսուցիչներ, վիրաւորուած աւելի քան 40 կին:

Ունկնդրէ լուրը

Իտլիպի մէջ աւելի քան 10 դպրոցներ յարձակումներու թիրախ դարձած են, որոնցմէ չորս դպրոց, ՄԱԿ-ի մանուկներուն պաշտպանութեան գրասենեակի համագործակից կազմակերպութիւններուն խնամակալութեան տակ կը գտնուին:» նշուած է յայտարարութեան մէջ   

ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի պատասխանատուն յայտարարութեան մէջ աւելցուցած, որ վերոնշեալ դպրոցներուն դէմ կատարուած յարձակումները տեղի ունեցած են այն պահուն, ուր Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ բախումներուն պատճառաւ աւելի քան 500 հազար մանուկ ստիպուած եղան գաղթելու,  մանուկներուն կէսը զուրկ են դպրոցական դաստիարակութենէն:

Ան ապա ՄԱԿ-ի մանուկներու գրասենեակի անունով խստիւ դատապարտած է մանուկներու սպանութիւնը, նշելով որ դպրոցական կառոյցները մանուկներու համար ապաստարան են: Դպրոցներու վրայ յարձակումները մանուկներու իրաւունքներուն ծանր խախտում կը նկատուին: Ըսած է ՄԱԿ- մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի պատասխանատուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2020, 10:44