ARMENIA-US-TURKEY-POLITICS-CONGRESS-GENOCIDE ARMENIA-US-TURKEY-POLITICS-CONGRESS-GENOCIDE 

Սուրիոյ Խորհրդարանի ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը Հայ-Սուրիական բարեկամութեան վկայութիւնն Է. ՀՀ ԱԳ նախարարութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւին վերաբերող յայտարարութիւնը:

«Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւը վառ վկայութիւնն է հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան եւ փոխադարձ համակրանքին: Անիկա ծանրակշիռ աւանդ է պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար»,- նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան` Սուրիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւին վերաբերող յայտարարութեան մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

«Բարձր կը գնահատենք Սուրիոյ խորհրդարանի` Օսմանեան պետութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւին ընդունումը:

«Երիտթրքական կառավարութեան կողմէ սանձազերծուած ցեղասպանութիւնը, որուն զգալի մէկ հատուածը իրականացած է այն ատեն Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիոյ տարածքին, հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու ընդհանուր պատմական յիշողութեան մաս կը կազմէ:

«Սուրիացի ժողովուրդը` ականատեսը ըլլալով հայ ժողովուրդին  նկատմամբ իրականացած եղեռնագործութեան, առաջիններէն էր, որ օգնութեան ձեռք երկարեց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Հազարաւոր վերապրածներ Սուրիոյ մէջ վերագտան իրենց նոր հայրենիքը` կազմաւորելով հայ ամէնէն ծաղկուն համայնքներէն մէկը եւ իրենց ներդրումը ունեցան Սուրիոյ զարգացման գործին մէջ:

«Այսօր, երբ դժուար պայմաններու մէջ կ՛ապրի Սուրիոյ  ժողովուրդը, մենք մեր համերաշխութիւնը եւ զօրակցութիւնը կը յայտնենք առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած Եռագոյնէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2020, 09:43