Որոնել

Պշար Ռաի Պատրիարքը Պշար Ռաի Պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանան կը մերժէ Պաղեստինցի գաղթականներուն Եւ Սուրիացի տեղահանուածներուն բնակեցումը»

Ան կոչ ուղղեց աղօթելու Լիբանանի փրկութեան համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական կայունութեան հաստատումին համար:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Հռոմ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ` քննարկելու համար բնակեցման վերաբերող հարցեր, նկատի ունենալով, որ անիկա Լիբանանի սահմանադրութեան հիմնական կէտերէն մէկն է:

«Լիբանան կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն բնակեցումը», հաստատեց Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ անոնք իրենց պատմութիւնն ու մշակոյթը ունեցող ժողովուրդներ են, եւ անոնց տունդարձի իրաւունքը յարգելի է:

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն եւ կառավարութեան նկատմամբ հոգատարութիւնը պէտք է անմիջական ըլլայ: «Սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքին մէջ արձանագրուելիք որեւէ խախտում լիբանանեան պետութեան անդամալուծութիւնն է», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը այս յայտարարութիւնները կատարեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ` նախարար Նասիֆ Հըթթիի, Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, օդակայանի ապահովութեան պատասխանատու գնդապետ Ժորժ Տումեթի, Լեռնալիբանանի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատու գնդապետ Քլիմոն Սաատի եւ Էլիաս Սֆէյրի ներկայութեան:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելու քայլը կախեալ պէտք է ըլլայ անոր մշակած աշխատանքային ծրագիրէն:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Հռոմ հասնելէ ետք նախագահեց խաղաղութեան Ս. պատարագին` մաղթելով, որ Լիբանանի քաղաքական դասը կարենայ փրկել երկիրը:

Ան խստիւ դատապարտեց օր մը առաջ Մաամըլթէյնի մէջ տեղի ունեցած պատահարը` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց աղօթելու Լիբանանի փրկութեան համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ քաղաքական, տնտեսական եւ ելեւմտական կայունութեան հաստատումին համար:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Լիբանան պատգամ երկրի դերակատարութիւն ունի եւ իբրեւ այդպիսին, եթէ ան չկարենայ իր ոտքերուն վրայ դարձեալ կանգնիլ, ապա ոչ մէկ երկիր պատրաստ պիտի ըլլայ օժանդակելու Լիբանանին:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2020, 09:18