«Քրիստոնեայ ներկայութիւնը Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի մէջ» «Քրիստոնեայ ներկայութիւնը Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի մէջ» 

«Քրիստոնեայ ներկայութիւնը Արաբական Ծոցի տարածաշրջանի մէջ» դասախօսութիւնը Օքսֆորտ համալսարանէն ներս։

Դասախօսն էր՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ Ընդհանուր Քարտուղարը Աստուածաշունչի Ընկերութեան՝ Արաբական Ծոցի երկիրներու։

Անգլիոյ Օգսֆորտ համալսարանի Արեւելեան Ուսումնասիրութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ՝ «Արեւելեան Քրիստոնէութիւնը» բնաբան-նիւթի ուսումնասիրութեան նուիրուած դասախօսական-հաւաքներու ծիրէն ներս՝ Երեքշաբթի,  25 Փետրուար 2020-ին համալսարանի սրահի մէջ տեղի ունեցաւ «Քրիստոնեայ Ներկայութիւնը Արաբական Ծոցի Տարածաշրջանին մէջ» դասախօսութիւնը՝ ։

Դասախօսն էր՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ Ընդհանուր Քարտուղարը Աստուածաշունչի Ընկերութեան՝ Արաբական Ծոցի երկիրներու։

Դոկտ.Հրաչ Չիլինկիրեան՝ որ համալսարանի Արեւելեան Ուսումնասիրութեան բաժանմունքի դասախօսական կաճառի գործօն անդամներէն է՝ներկայացուց  օրուան դասախօսը։

Դոկտ. Ճէպէճեան՝ մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ՝ ներկայացուց նախ Արաբական Ծոցի պատմա-քաղաքական ու ըներա-տնտեսական տուեալները՝ եւ ապա քրիստոնեայ եկեղեցիի ու համայնքի կազմաւորումը  վաղ Ք.Ե. չորրորդ դարերէն սկսեալ՝ եւ հասնելով մինչեւ Իսլամական ներխուժումը տարածաշրջանէ ներս Ք.Ե. 629 թուականին։  Ան մատնանշեց թէ Քրիստոնեայ եկեղեցին Իսլամական տիրապետութեան ժամանակ՝ շրջանին մէջ մնացած է մինչեւ իններորդ դար՝ եւ ապա անյայտացած։  Ան տուաւ որոշ պատմական-գիտական տուեալներ ու ապացոյցեր անյայտացումի համար։ Ապա ան մատնանշեց թէ ինչպէս Քրիստոնեայ ներկայութիւնը վերստին մուտք գործած է տարածաշրջանի մէջ 1497 թուականներուն՝ երբ Փորթուքալական հետազօտողներ հասած եւ այս երկիրները։ Դոկտ. Ճէպէճեան ապա վեր առաւ Քրիստոնեայ ներկայութեան ծաւալած գործունէութիւնը Անգլիական գաղութատիրութեան ժամանակ՝եւ հասնելով մինչեւ Ամերիկացի միսիոնարներուն՝որոնք տասնիններորդ դարերէն սկսեալ մեծ նպաստ եւ ներդրում ունեցած են այս երկիրներու ընկերային կեանքի բարելաւումի՝ ի մասնաւորի՝ կրթական եւ բժշկական բնագաւառներուն մէջ։ Ան ապա ընդարձակ տեղեկութիւն տուաւ ներկայ օրերու Քրիստոնեայ եկեղեցիի վրայով՝ որ օտարազգի է՝ մատնանշելով տարբեր եկեղեցական-համայնքային կառոյցները։

Դասախօսութենէ ետք տեղի ունեցաւ հարցերու քննարկում։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2020, 09:30