Լիպիոյ համար Պերլինի մէջ ժողով Լիպիոյ համար Պերլինի մէջ ժողով 

ՄԱԿ-ը ամէն ջանք կը դնէ Լիպիոյ զէնքերու մատակարարումը կասեցնելու:

Եւրոպական կարգ մը երկիրներ նաեւ ամէն ջանք կը թափեն Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Լիպիոյ մէջ ապրիլ ամիսէն ծայր առած պատերազմէն ի վեր, առաջին անգամուան համար ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը կը խնդրէ Լիպիոյ զէնքերու մատակարարման կասեցման յանձնառու գտնուելու: 

Ունկնդրէ լուրը

Միջազգային կազմակերպութեան մարմնին անդամները  որդեգրած է բանաձեւ մը, որով կը ճանչնայ Պերլինի ժողովէն որդեգրուած 55 կէտեր,  շեշտելով յարգել կրակ մարի դրութիւնը, որ շատ անգամ խախտուած է:  

Նշենք, թէ Եւրոպական կարգ մը երկիրներ, որոնց շարքին գերմանիան , ֆրանսան, Եւրոպայի պատրաստակամութիւնը յայտնած է  զօրակցելու ՄԱԿ- ի՝ Լիպիոյ մէջ առաքելութեան եւ ի գործ դրած բոլոր ջանքերուն: :

Գերմանիան եւ Ֆրանսան, Եւրոպական միութեան անդամ երկիրները յորդորած է նաեւ յարգելու զէնքերու մատակարարման կասեցումը: Նշենք նաեւ որ ըլլայ Իտալիան եւ ըլլայ ֆրանսան ամէն ջանք կը գործերն  Լիպիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Տի Մայօ այսօր հանդիպում պիտի ունենայ զօրաւար Հաֆթարի հետ: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2020, 10:16