Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

Ռայի Պատրիարք. «Իշխանութիւնը իրաւունք չունի խաղաղ եւ արդարացի պահանջներուն բռնարարքներով եւ ոստիկանական արարքներով դէմ դնելու»

Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարած «Դարու գործարք»-ին` զայն նկատելով Պաղեստինեան դատին դէմ ցնցիչ հարուած մը:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է լիբանանցի ժողովուրդին եւ Լիբանանին բարիք կատարել` սահմանադրական հաստատութիւններուն ընդմէջէն երկրին տնտեսական, ընկերային, բարգաւաճման եւ քաղաքական մարզերը կայունացնելով:

Ան նշեց, որ առանց սահմանադրական հաստատութիւններուն կարելի չէ Լիբանանի բարիքները իրականացնել:

«Միւս կողմէ, իշխանութիւնը իրաւունք չունի խաղաղ եւ արդարացի պահանջներուն բռնարարքներով եւ ոստիկանական արարքներով դէմ դնելու, ինչպէս որ իրենց իրաւունքը պահանջող քաղաքացիները իրաւունք չունին սահմանադրութիւնը խախտելու», հաստատեց ան:

Ռայի պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարած «Դարու գործարք»-ին` զայն նկատելով Պաղեստինեան դատին դէմ ցնցիչ հարուած մը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2020, 08:15