Ռայի Պատրիարք Ռայի Պատրիարք 

«Մենք կարիքը ունինք մեր ազգային միասնականութեան Եւ ժողովրդային պահանջներուն գործադրութեան» շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն, կուսակցութիւններու ղեկավարներուն եւ երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն` հեռու մնալու երկփեղկումէ եւ իրարու հանդէպ լարուելէ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հռոմի մէջ մատուցեց Ս. պատարագ մը` նուիրուած Լիբանանին:

Ան մաղթեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը կարենայ հոգալ քաղաքացիներուն կարիքները, որոնք դրսեւորուեցան ժողովրդային շարժումին ներկայացուցած պահանջներով, որոնք մինչեւ օրս կը մնան արդարացի:

Ունկնդրէ լուրը

Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին ժողովուրդին արդար պահանջներուն եւ անհրաժեշտ կը գտնեն, որ կառավարութիւնը մշակէ աշխատանքային լուրջ ծրագիր մը` փրկելու համար երկիրը, իր դիմագրաւած տնտեսական ու ելեւմտական տագնապէն:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն, կուսակցութիւններու ղեկավարներուն եւ երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն` հեռու մնալու երկփեղկումէ եւ իրարու հանդէպ լարուելէ: «Մենք կարիքը ունինք մեր ազգային միասնականութեան», ըսաւ ան` հաստատելով, որ այս կոչը ինքնին աղօթք է:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները պէտք է աշխատին Լիբանանի ազգային միասնականութեան ի խնդիր, որովհետեւ ժողովրդային ինթիֆատան պայթած էր լիբանանեան բոլոր շրջաններէն, բոլոր համայնքներէն, բոլոր կուսակցութիւններէն եւ բոլոր գոյներէն:

Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւնները գործեն միասնականութեան եւ եղբայրութեան սկզբունքներով` փրկելու համար Լիբանանն ու լիբանանցիները:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2020, 08:18