Նախագահ  Արմէն Սարգսեան: Նախագահ Արմէն Սարգսեան: 

Քաղաքակրթութիւնը չի կրնար զարգանալ ֆաշիզմի, այլատեացութեան ճանապարհով. Արմէն Սարգսեան:

Սումգայիթի մէջ, իսկ յետագային Պաքուի, Կիրովաբադի եւ Մարաղայի մէջ հայերու նկատմամբ իրականացուած բռնութիւններն ու դաժանութիւնները իրենց բնոյթով յիշեցուցին 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մղձաւանջային օրերը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Ատրպէյճանական ԽՍՀ-ի մէջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերու յիշատակին եւ բռնագաղթուած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առիթով:

Ուղերձին մէջ նշուած է.

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր Ատրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքի մէջ կատարուած ողբերգական դէպքերուն 32-րդ տարելիցն է: 1988 Փետրուարի այս օրերուն, Սումգայիթի մէջ, Խորհրդային Ատրպէյճանի իշխանութիւններու յանցաւոր արտօնութեամբ, տեղական զինուած աւազակախումբերը սկսան հայ բնակչութեան դէմ զանգուածային բռնութիւնները՝ իսկական ջարդեր, որոնք կ՝ուղեկցուէին կտտանքներով, բռնաբարութեամբ եւ հայերու ունեցուածքի թալանով ու հրկիզումով: Պետական մակարդակով կազմակերպուած եւ իրականացուած յանցագործութեան իբրեւ արդիւնք՝ սպաննուեցան բազմաթիւ հայ բնակիչներ, շատերն ալ վիրաւորուեցան, բռնութիւններու ենթարկուեցան ու բռնի տեղահանուեցան:

Սումգայիթի մէջ, իսկ յետագային Պաքուի, Կիրովաբադի եւ Մարաղայի մէջ հայերու նկատմամբ իրականացուած բռնութիւններն ու դաժանութիւնները իրենց բնոյթով յիշեցուցին 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան մղձաւանջային օրերը: Անոնք հետեւանք էին տասնամեակներով Ատրպէյճանի մէջ խրախուսուող այլատեացութեան ու յատկապէս հայատեացութեան, որոնք այսօր աւելի խորացած են եւ ստացած են պետական համակարգուած քաղաքականութեան բնոյթ:

Յիշելով աւելի քան 30 տարի առաջ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերը եւ ոգեկոչելով զոհ գացած մեր հայրենակիցները, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Փետրուար 28-ը հռչակելով Ատրպէյճանական ԽՍՀ-ի մէջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերի յիշատակի եւ բռնագաղթուած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օր՝ մենք նաեւ ուղերձ կը յղենք մարդկութեան՝ քաղաքակրթութիւնը չի կրնար զարգանալ ֆաշիզմի, ազգային խտրականութեան եւ այլատեացութեան ճանապարհով:

Իւրաքանչիւր չպատժուած դէպք, իւրաքանչիւր կեղծուող փաստ, ատելութեան հողի վրայ ընդհատուած իւրաքանչիւր կեանք կը նշանակէ նոր ողբերգութեան հնարաւորութիւն եւ հաւանականութիւն, կը նշանակէ աջակցութիւն այլատեացութիւն հրահրողներուն, քարոզողներուն եւ անիկա իբրեւ զէնք օգտագործողներուն, կը նշանակէ ատելութեան չընդհատուող ալիք տարածաշրջանին մէջ, կը նշանակէ անխոչընդոտ ճանապարհ դէպի ցեղական զտումներ, դէպի մարդկութեան դէմ ուղղուած աւելի ծանր յանցագործութիւն՝ ցեղասպանութիւն: Սումգայիթի ողբերգութիւնը եւ անկէ տուժած հայերը մարդատեացութեան եւ հայատեացութեան ուղղակի զոհն էին: «Դարչնագոյն ժանտախտ»ի ճանապարհը այսօր ալ բաց պահելը անարգանք է բոլոր ժամանակներուն ֆաշիզմին եւ այլատեացութեան զոհ գացած բոլոր մարդոց յիշատակին հանդէպ:

Կը խոնարհիմ Սումգայիթի եւ Պաքուի մէջ ատրպէյճանական բռնութիւններուն զոհ գացած մեր հայրենակիցներու յիշատակին առջեւ: Հանգստութիւն անոնց հոգիներուն»:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2020, 08:32